ԵՄ-Ի ՄԷՋ ՆՈՐ ԻՐԱՎԻՃԱԿ ՄԸ

Եւրոմիութեան 28 երկիրներէն ներս շաբաթավերջին տեղի ունեցան ընտրութիւններ, որոնց նպատակն էր ընտրել Եւրոխորհրդարանի 751 նոր պատգամաւորները։ Այս ընտրութիւններու արդիւնքը Եւրոմիութեան տեսակէտէ եղաւ մեծ անակնկալ մը։ Արդարեւ, երկար տասնամեակներէ ի վեր Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութիւնը (կեդրոն-աջ) եւ Ընկերվարական կուսակցութիւնը (կեդրոն-ձախ) մեծամասնութիւն կը պահէին Եւրոխորհրդարանէն ներս։ Թէեւ անոնք աշխարհընկալման տեսակէտէ ունին լուրջ տարբերութիւններ, սակայն կարեւոր որոշումներու պարագային կը յաջողէին գտնել համագործակցութեան գետին մը։ Այս վերջին ընտրութիւնները եկան փոխել Եւրոխորհրդարանի ընդհանուր համայնապատկերը, որովհետեւ այս երկու կուսակցութիւնները կորսնցուցին մեծամասնութիւնը։ Եւրոմիութեան հակառակորդները, ազատականներն ու կանաչները կարեւոր վերելք մը արձանագրեցին այս ընտրութիւններով։ Քաղաքական մեկնաբանները կը նախատեսեն, որ ամբոխավարներու կշիռն ալ պիտի աւելնայ Եւրոխորհրդարանէն ներս։ Կեդրոնամէտ կուսակցութիւնները յառաջիկայ շրջանին պիտի պարտաւորուին միւս ուժերուն հետ համագործակցիլ՝ կարեւոր որոշումներու ընդունման ճանապարհին։ Սա արդէն Եւրոպայի ընդհանուր քաղաքականութեան մէջ կ՚ենթադրէ փոփոխութիւն մը։

Եւրոխորհրդարանի ընտրութիւններու արդիւնքները արդէն եւրոպական որոշ երկիրներու ներքին քաղաքականութեան հաւասարակշռութիւններուն մէջ ծնունդ տուած են փոփոխութեան։  Մասնաւորապէս Գերմանիոյ, Աւստրիոյ մէջ ստեղծուած է նոր իրավիճակ մը։ Ֆրանսայի եւ Իտալիոյ նման ԵՄ-ի յառաջատար երկիրներուն տեսակէտէ ալ պատկերը գրեթէ նոյնն է։

Մէկ կողմէ մեկնաբանները ունին այն տպաւորութիւնը, թէ Եւրոմիութենէն ներս լուրջ ճաքեր կը յառաջանան, իսկ միւս կողմէ ոմանք ալ հակուած են այս բոլորը մեկնաբանել Եւրոմիութեան հասցէագրուած՝ փոփոխութեան, բարեփոխման պատգամ մը։

Երեքշաբթի, Մայիս 28, 2019