ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ՀԱՄԱՃԱՐԱԿԻ ՌԻՍՔԵՐԸ ԿԸ ՆՈՒԱԶԻՆ ԿԱՅՈՒՆ ԹԱՓՈՎ

Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա յայտարարեց, որ քորոնաժահրի դէմ պայքարի շրջանակին մէջ Թուրքիա յաջողած է ապահովել ռիսքի նուազեցումը։ Այս հանգամանքը կ՚ապացուցուի վիճակագրական տուեալներով։ Ռիսքը նուազեցնելու ճանապարհին Թուրքիա ապահոված է կայուն թափ մը։ Ուստի, նախարարը յայտնեց, որ բովանդակ երկրին կողմէ ապահովուած այս յաջողութիւնը պէտք է շարունակուի։ Աւելի շատ ազատութիւնը կախում ունի նախազգուշական միջոցներու հնազանդելէ։ Ազատութեան համար անհրաժեշտ զոհողութիւնները պէտք է ցուցաբերուին։ Նոր ապրելակերպի մը պէտք է վերածուի հակակշռեալ ընկերային կեանքը եւ միասնական ձեւով նախազգուշական միջոցներուն հետեւիլը։

Առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ հրապարակուած վերջին տուեալներով՝ երէկ Թուրքիոյ մէջ կատարուեցաւ 21 հազար 43 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1035 նոր վարակեալ։ Երէկ առողջացածներու թիւը եղաւ 1286։ Նոյն ժամանակահատուածին համավարակի հետեւանքով 34 հոգի մահացաւ երկրին մէջ։

Հինգշաբթի, Մայիս 28, 2020