ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿՂԶԻ

Թուրքիոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ խորհրդանշական եւ իսկապէս կարեւոր իրադարձութիւն մը։ 1960 թուականի պետական հարուածէն վեց տասնամեակ անց «Եասսըատա»ի մէջ տեղի ունեցաւ բացման հանդիսաւոր արարողութիւն մը։ Ինչպէս ծանօթ է, այդ պետական հարուածէն վերջ այս կղզիին մէջ դատուած էին շրջանի պետական աւագանիի յառաջատար դէմքերը։ Արձակուած դատավճիռով կախաղան բարձրացուած էին շրջանի վարչապետ Ատնան Մենտերէս եւ իր երկու նախարարները։ Տասնամեակներ շարունակ այդ դատավճիռը չէր արդարացած հանրութեան խղճին մօտ։ Այդ նոյն ցաւով պայմանաւորուած տրամադրութիւններու հիման վրայ «Եասսըատա»ի մէջ վերջին տարիներուն կառուցուեցաւ այս յուշահամալիրը, նաեւ կղզին վերանուանուեցաւ։ «Ժողովրդավարութեան եւ ազատութիւններու կղզի»ի յուշահամալիրը երէկ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը բացուեցաւ՝ մասնակցութեամբ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի։ Բարձրաստիճան պաշտօնատարներու առընթեր, ՄՀՓ-ի կուսակցապետ Տեւլէթ Պահչելին ալ ներկայ գտնուեցաւ բացումին։ Շուրջ հինգ տարուան շինարարական աշխատանքներէ վերջ ստեղծուած է կղզիի յուշահամալիրը, որ կ՚ընդգրկէ խորհրդանշական բազմաթիւ առարկաներ կամ բաժիններ։ 40 հազար ծառով կանաչապատուած կղզին եւ յուշահամալիրը բաց պիտի ըլլան այցելուներու համար։ Իսթանպուլի զանազան կէտերէն մակոյկներ պիտի ուղղուին այնտեղ։

Նախագահ Էրտողան երէկուան ելոյթին մէջ շեշտեց, որ վաթսուն տարի վերջ հետամուտ եղած են սրտերը վերանորոգելու։ Իր խօսքով՝ «Եասսըատա»ն պէտք է թաղել պատմութեան էջերուն մէջ։ Արդարեւ, կղզին անկախութեան եւ ապագայի պայքարի, սիրոյ խորհրդանշանի մը կը վերածուի։

Հինգշաբթի, Մայիս 28, 2020