ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԷՋ ՀԱՅ ՄԸ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԱԾ՝ ՈՐԴԻՆ ՍՊԱՆՆԱԾ ԸԼԼԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն ներս, Հարաւային Գալիֆորնիոյ մէջ ձերբակալուեցաւ հայ մը, որ կը մեղադրուի իր հնգամեայ որդին սպաննած ըլլալով։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, աւելի քան երկու ամիսէ ի վեր ընտանիքի անդամները, կամաւորներն ու իրաւապահ մարմիններու ներկայացուցիչները կը փորձէին գտնել պատասխանը այն հարցին, թէ ո՞ւր է հնգամեայ Արամազդը։ Անցեալ շաբաթ Լոս Անճելըսի շրջանի դատախազը սպանութեան մեղադրանք ներկայացուց փոքրիկի հօր՝ աւագ Արամազդ Անդրէասեանի։ Այս վերջինը քննիչներու կողմէ ձերբակալուեցաւ Լաս Վեկասի մէջ։ Այս իրադարձութիւնը արձագանգ գտած է նաեւ «Los Angeles Times» թերթին մէջ։

Լոս Անճելըսի ոստիկանութիւնը հօր տան մօտակայքին՝ Հարաւային Փասատենայի զբօսայգին տարած է յատուկ մարզուած հոտառութիւնով շուներ, սուզորդներն ալ զննած են Սանթա Պարպարա շրջանի լիճը։ Բաց աստի, յայտարարուած է, որ 30 հազար ամերիկեան տոլարով պիտի պարգեւատրուին անոնք, որոնք պիտի օգնեն այս խնդրի բացայայտման։

Այդուհանդերձ, փոքրիկի անհետացման գործին մէջ հիմնական կասկածեալը կը շարունակէ մնալ հայրը՝ Արամազդ Անդրէասեան։ Ոստիկանութեան քննիչները արձանագրած են, որ իր մօտ վերջին շրջանին նկատուած են մտահոգիչ զարգացումներ։ Ան փոխած է մազերուն գոյնը, կտրած է մօրուքը եւ սկսած է ծրագրել՝ մեկնիլ երկիր մը, ուր կրնայ խուսափիլ ԱՄՆ արտայանձնուելէ։

Քննիչներու համոզմամբ 35-ամեայ Անդրէասեան սպաննած է որդին՝ կնոջ հետ ամուսնալուծութեան բուռն գործընթացի պատճառով։ Ոստիկանութեան պատասխանատուները շեշտեցին, որ քննիչներու համոզմամբ սա եղած է նախապէս ծրագրուած գործողութիւն մը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 28, 2017