ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ ընդունեց «Քոնրատ Ատենաուէր» գերմանական հիմնարկի Եւրոպայի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի գրասենեակներու ղեկավար Լարս Հենզէլը, որ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ անցեալ տարեվերջին «Քոնրատ Ատենաուէր» հիմնադրամի Երեւանի գրասենեակի հիմնումէն ի վեր Հայաստանէ ներս ձեռնարկուած ծրագրերուն։ Զրուցակիցները կարծիքներ փոխանակեցին Հայաստան-Գերմանիա յարաբերութիւններու աշխոյժ զարգացման, Հայաստան-Եւրոմիութիւն համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ միջազգային եւ տարածքաշրջանային հրատապ խնդիրներու շուրջ։

Հիւրի խնդրանքով Եդուարդ Նալպանտեան ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացը յառաջ մղելու համար համապատասխան պայմաններու ստեղծման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու համատեղ քայլերը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 28, 2017