ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ. «ԲՈԼՈՐ ՀԱՅԵՐԸ ՀՊԱՐՏ ՊԷՏՔ Է ԸԼԼԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆՈՎ»

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան կը շարունակէ աշխատանքային այցելութիւնը դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Մինչ այդ, Ուաշինկթընի մէջ, Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի «Տըրքսեն» մասնաշէնքէն ներս իր մասնակցութեամբ տեղի ունեցած հաւաքոյթի արձագանգներն ալ կը շարունակուին։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտէն ներս նախագահ Արմէն Սարգսեան խօսեցաւ Երեւան-Ուաշինկթըն յարաբերութիւններու կարեւորութեան մասին։ Ան կանգ առաւ հզօր ու զարգացած Հայաստան մը ունենալու անհրաժեշտութեան վրայ՝ որպէսզի աշխարհի բոլոր հայերը հպարտ զգան։ «Մեր այսօրուան պատգամը յստակ է։ Մենք պէտք է յաղթենք։ Մենք ոչ միայն կրնանք նոր Հայաստան մը կառուցել, այլեւ նոր Հայաստանը պէտք է ըլլայ հզօր երկիր մը, որով բոլորս հպարտ ըլլանք ու աշխարհի վրայ հպարտ զգանք, որ հայ ենք», ըսաւ Արմէն Սարգսեան։

Բաց աստի, Արմէն Սարգսեան յարգանքի այց մը տուաւ Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահներէն Թէոտոր Ռուզվելտի յուշահամալիրը։

Հինգշաբթի, Յունիս 28, 2018