ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ԶՐՈՅՑ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հիւրընկալեց Աւստրալիոյ Արեւելեան ուղղափառ առաքելական եկեղեցիներու առաջնորդներու եւ ներկայացուցիչներու պատուիրակութիւնը, որ վերջին օրերուն այցելեց Երեւան։ Հիւր հոգեւորականներու խումբը կը գլխաւորէր Ռապըրթ Արքեպիսկոպոս Ռապաթ։ Այս պատուիրակութեան մաս կը կազմէ Հնդկաստանի եւ Ծայրագոյն Արեւելքի Հայրապետական պատուիրակ, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի Թեմակալ առաջնորդ Տ. Հայկազուն Եպսկ. Նաճառեան։ Հիւր հոգեւոր առաջնորդներուն ուղեկցեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի ղեկավար Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, վարչապետ Փաշինեան ողջունեց հիւր հոգեւորականներու Հայաստան այցելութիւնը եւ յոյս յայտնեց, թէ սա կը նպաստէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հետ կապերու սերտացման ու ամրապնդման։ Փաշինեան կարեւորեց քրիստոնեայ ժողովուրդներու միասնութիւնն ու համագործակցութեան ընդլայնումը՝ ի նպաստ խաղաղութեան եւ կայունութեան։

Ռապըրթ Արքեպիսկոպոս Ռապաթ ընդգծեց, որ Աւստրալիոյ հայ համայնքը ամուր կապ մը ունի իր եկեղեցւոյ հետ։ Իր խօսքով, եկեղեցիներու միջեւ սերտ յարաբերութիւնները կարեւորութիւն կը ներկայացնեն նաեւ աշխարհի վրայ բռնութիւններու եւ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման առումով։ Հիւր բարձրաստիճան հոգեւորականը միեւնոյն ժամանակ ուրախութիւն յայտնեց, որ Հայաստանի վերջին քաղաքական իրադարձութիւնները խաղաղ հանգուցալուծում ունեցած են։ Ան Հայաստանի նոր կառավարութեան յղեց յաջողութեան մաղթանքներ։

Ընդունելութեան ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան պատասխանեց հիւր հոգեւորականներու շարք մը հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին զանազան բնագաւառներէ ներս կառավարութեան առաջնահերթութիւններուն, փտածութեան դէմ պայքարին, տնտեսութեան զարգացման, ժողովրդավարութեան ամրապնդման եւ այլն։

Կառավարութենէն հրաժեշտ առնելէ առաջ հիւր հոգեւորականները յուշանուէր մըն ալ յանձնեցին վարչապետ Փաշինեանին։

Հինգշաբթի, Յունիս 28, 2018