ՆՈՐ ՇՐՋԱՆԻ ՀԱՄԱՐ ԿԱՐԾԻՔԻ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ ՄՀՓ-ի կուսակցապետ Տեւլէթ Պահչելիի հետ։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ այս տեսակցութիւնը, որու ընթացքին Էրտողան եւ Պահչելի արժեւորեցին 24 յունիսի ընտրութիւններով երկրէն ներս ստեղծուած քաղաքական իրադրութիւնը։ Անոնք շօշափեցին նաեւ նոր կառավարման համակարգի անցումը։ 40 վայրկեան տեւեց տեսակցութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ։

Տեղական մամուլի հաղորդումներով, երէկուան հանդիպման ընթացքին օրակարգի վրայ եկան վճարովի զինուորական ծառայութեան հաստատման եւ արտակարգ դրութեան գործադրութիւնը բաւ համարելու վերաբերեալ նիւթեր։

Ինչպէս ծանօթ է, Էրտողանի գլխաւորած ԱՔ կուսակցութիւնն ու ՄՀՓ-ն ընտրութիւններուն մասնակցած էին՝ կազմելով «Ճումհուր» դաշինքը։ Թէեւ ԱՔ կուսակցութիւնը խորհրդարանէն ներս մեծագոյն խմբակցութիւնը կը հանդիսանայ, սակայն առանձինն մեծամասնութիւն չի կազմեր։ «Ճումհուր» դաշինքը նոր Ազգային մեծ ժողովէն ներս պիտի ունենայ մեծամասնութիւն։ Ուստի, յառաջիկայ շրջանի իրադարձութիւններուն տեսակէտէ ԱՔ կուսակցութեան եւ ՄՀՓ-ի ներդաշնակութիւնը կը համարուի կարեւոր։

Հարկ է նշել, որ յառաջիկայ շրջանին, պետական կառավարման նորահաստատ համակարգին զուգահեռ՝ պիտի վերաձեւաւորուի նոր աւագանի մը։ Հանրապետութեան նախագահին գլխաւորութեամբ պիտի ստեղծուին գործադիր իշխանութեան մարմինները եւ պիտի կատարուին նշանակումներ։ Այս ամբողջին մաս կը կազմեն փոխ-նախարարներ, նախագահական աշխատակազմը, խորհրդարանի ղեկավարութիւնը, ինչպէս նաեւ շարք մը դեսպաններ, կուսակալներ եւ ընդհանուր տնօրէնի կամ խորհրդատուի մակարդակով դիւանակալներ։ 

Հինգշաբթի, Յունիս 28, 2018