ՍԾՏՀԿ-Ի ՄԷՋ ԱՆԸՆԴՈՒՆԵԼԻ ՓՈՐՁԵՐ

Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն ժողովը։ ՍԾՏՀԿ-ի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի 38-րդ նիստն էր այս մէկը, որ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի տանտիրութեամբ։ Հարկ է նշել, որ Հայաստան ներկայիս այս կազմակերպութեան շրջանային նախագահ երկիրն է։

Երէկուան ժողովէն վերջ Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Կարէն Նազարեան եւ ՍԾՏՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Միքայէլ Խրիստիատիս Երեւանի մէջ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը սարքեցին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Կարէն Նազարեան յայտարարեց, որ անընդունելի են ՍԾՏՀԿ-ի գործունէութիւնը քաղաքականացնելու ուղղեալ փորձերը։ Արդարեւ, ՍԾՏՀԿ տարածքաշրջանային տնտեսական համագործակցութեան ուղղեալ կառոյց մըն է։ Այդ իսկ պատճառով, հայկական կողմի մօտեցումով, անընդունելի են կազմակերպութեան գործունէութիւնը քաղաքականացնելու ուղղեալ կարգ մը փորձերը։ Փոխ-նախարարին խօսքով՝ այդ բոլորը կը կատարուին իր լիազօրութիւններու շրջանակը գերազանցող եւ կանոնադրութեան հակասող քաղաքական բնոյթով փաստաթուղթերու ընդունման միջոցաւ։ Փոխ-նախարարը շեշտեց, որ յատկապէս վերջին տարիներուն այդ առումով աչքի կը զարնէ ՍԾՏՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովը, որու շրջանակներէն ներս կ՚ընդունուի քաղաքականացուած յայտարարութիւններ եւ հռչակագրեր։ «Այս մասին այսօր առիթ ունեցանք խօսելու անդամ երկիրներու ներկայացուցիչներուն հետ», յայտնեց Նազարեան։

ՍԾՏՀԿ-ին կ՚անդամակցին՝ Թուրքիա, Հայաստան, Ալպանիա, Ատրպէյճան, Պուլկարիա, Վրաստան, Յունաստան, Մոլտովա, Ռումանիա, Ռուսաստան, Սերպիա եւ Ուքրայնա։

Երեւանի երէկուան ժողովին մասնակցեցան նաեւ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ ներկայացուցիչներ։ Ատրպէյճանի անունով նիստին մասնակցեցաւ Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Մահմուտ Մամատկուլիեւ։ Թուրքիան ներկայացուց Արտաքին գործոց նախարարութեան բազմակողմանի տնտեսական համագործակցութեան վարչութեան պետ Էօմէր Քիւչիւք։ Երեւանի ժողովի աւարտին Հայաստան Ատրպէյճանին փոխանցեց ՍԾՏՀԿ-ի շրջանային նախագահի պաշտօնը։ 

Հինգշաբթի, Յունիս 28, 2018