«ՅԱՂԹԱԾ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ»

«Ժողովուրդը» հրճուած է ընտրութիւններու մէջ տարած իր «փայլուն յաղթանակով»՝ իրեն յաջողած է «չոքըցնել», «կզըցնել» եւ նման այլ բազմաթիւ գործողութիւններ ընել Փաշինեանի բոլոր «չուզողներուն» դէմ, ներառեալ՝ նզովեալ մտաւորականները։ «Ժողովուրդը» կրնայ ուրախանալ, թմբուկ զարնել, վարչապետին տալ «պողպատէ լիազօրութիւնը», «արդարադատութեան սուրը», որպէսզի ան իրականացնէ հաշուեյարդար, վրիժառութիւն եւ այլն։ Կը շնորհաւորեմ բոլոր ուրախացողները։ Սա իրականութեան «պայծառ» կողմն է։

Հիմա դառնանք «ստուերային կողմին»։ Պաշտօնական տուեալներով՝ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքէն ներս կը գտնուին առնուազն հազար ատրպէյճանցի զինուորներ։ Անոնք հեռացա՞ն «ժողովուրդի յաղթանակի» հետեւանքով։ Պաքուի մէջ ծանրագոյն յօդուածներով կը դատուին մեր ռազմագերիները։ Անոնք վերադարձա՞ն Հայաստան՝ մեր երկրին մէջ «վատ» մարդոց «կզըցուելուն» շնորհիւ։ Կը հասկնամ, որ այս հարցերը չեն հետաքրքրեր «ժողովուրդը»։ Յամենայնդէպս՝ արձանագրեմ պատմութեան համար։

Իրական կեանքով հետաքրքիր ընթերցողներուն յիշեցնեմ նաեւ, որ Ռուսաստանի նախագահ Փութին այս շաբթուան ընթացքին աշխոյժ շփումներ ունեցած է Ալիեւի եւ Էրտողանի հետ։ Հասկնալի է, որ անոնց խօսակցութիւններու առանցքային նիւթն էր Հայաստանի հետ կապուած խնդիրները։ Այս առթիւ պարզապէս թուարկեմ, թէ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը մեզմէ ինչ կը պահանջեն՝ որպէս պատերազմի մէջ պարտուած կողմ։ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ընդունուիլը, ինչ որ կ՚ենթադրէ Արցախի ճանաչումը՝ որպէս այդ երկրի անբաժանելի մաս։ Թուրքիոյ ամբողջականութեան ճանաչումը՝ Կարսի պայմանագրի վերահաստատմամբ։ Այդ երկու երկիրներու միջեւ Հայաստանի Սիւնիքի մարզով միջանցք, որ չի վերահսկուիր մեր կողմէ։ Միջազգային ատեաններու եւ միջազգային յարաբերութիւններու մէջ ցեղասպանութեան խնդրի հետապնդումէն հրաժարիլ։

Ռուսաստան, որքան կը հասկնամ, դէմ չէ այդ պահանջներուն եւ աշխոյժ միջնորդական ջանքեր կը կիրառէ՝ այդ ծրագրերը իրականացնելու համար՝ գուցէ սեփական որոշ շտկումներով եւ յաւելումներով։ Չեմ գիտեր, թէ Հայաստան որքանով ներգրաւուած է այս ամբողջ գործընթացին. վստահաբար կարելի է ըսել, որ մեր երկրի խաղաթուղթերը այս առումով վատ են՝ մեր բանակը ի վիճակի չէ պաշտպանել Հայաստանի սահմանները եւ ասոր համար պէտք է յատուկ շնորհակալութիւն ըսել «յաղթած ժողովուրդի» իշխանութեան։

Միւս կողմէ՝ պարզ է, որ պէտք է խաղալ նաեւ վատ խաղաքարտերով։ Ասոր համար նախ եւ առաջ պէտք է ունենալ արտաքին գործոց նախարարութիւն։ Բաց աստի, պետութեան առաջին դէմքը պէտք է հաշուի նստի այդ կառոյցէն ներս աշխատող մասնագէտներուն հետ։ Բայց մի՛ մոռնաք բոլոր տեսակի մասնագէտներն ու «փտած աչկարիկները» այս ընտրութիւններուն մէջ պարտուած են «ժողովուրդին» եւ կը ստացուի, որ կարելի է նաեւ անոնց կարծիքը չհարցնել։

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Խմբագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի

Երկուշաբթի, Յունիս 28, 2021