ԻՍԿԱԿԱՆ ԿԱՄՔ ՈՒ ՓԱՓԱՔ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ պատրաստակամ է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպելու եւ բանակցութիւններ վարելու։ «Էլ Ճեզիրէ» հեռուստակայանին տուած հարցազրոյցին մէջ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ ժողովրդավար բոլոր երկիրներուն նման՝ Հայաստան նուիրուած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը բացառապէս խաղաղ ճանապարհով կարգաւորելու յանձնառութեան։ Իր խօսքով՝ Հայաստանի իշխանափոխութեան գործընթացնէն ներս Ատրպէյճան դարձած է ա՛լ աւելի ակրեսիվ։ «Մենք մեծ հնարաւորութիւններ ունինք Հայաստանը աւելի ժողովրդավար դարձնելու, հաւասար պայմաններ ստեղծելու, կաշառակերութեան եւ մենաշնորհներու դէմ պայքարելու հարցին մէջ։ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ որոշ վախեր ունի, թէ իր ժողովուրդը կրնայ ոգեշնչուիլ Հայաստանի յեղափոխութենէն ու փորձել նման փոփոխութիւններ ընել նաեւ Ատրպէյճանի մէջ։ Կը կարծեմ, թէ Ատրպէյճանի ակրեսիվ հռետորաբանութեան աճը կապուած է այս իրադրութեան հետ», ըսաւ Փաշինեան եւ ընդգծեց, որ Պաքուի իշխանութիւնները երկրի ներքին խնդիրներէն ժողովուրդի ուշադրութիւնը կը փորձեն շեղել Լեռնային Ղարաբաղի հարցի միջոցաւ։

«Մենք պատրաստ ենք խաղաղ բանակցութիւններու։ Կը փափաքիմ յստակեցնել հետեւեալը. Ես պատրաստ եմ բանակցիլ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ», ըսաւ Փաշինեան եւ խնդրի լուծման հարցին մէջ կարեւորեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ձեւաչափը։ Ըստ իրեն, այս ձեւաչափը ի զօրու է հակամարտութիւնը լուծել խաղաղ ճանապարհով, եթէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի կառավարութիւնները համապատասխան քաղաքական կամք ցուցաբերեն։ Վարչապետը շեշտեց, որ միջազգային հանրութիւնը կրնայ վստահ ըլլալ, թէ ամէն ժողովրդավար կառավարութեան նման՝ իրենք իսկական կամք ու փափաք ունին այս հակամարտութիւնը խաղաղ ձեւով կարգաւորելու ու պատրաստ են բանակցելու։ «Սակայն կը փափաքիմ շեշտել, որ մենք չենք պատրաստուիր որեւէ քայլ առնել այնպիսի մթնոլորտի մը մէջ, ուր կը փորձեն մեզ վախցնել», ըսաւ ան։

Միեւնոյն ժամանակ Փաշինեան կարեւորեց տարածքաշրջանէ ներս խաղաղութեան մթնոլորտի ձեւաւորումը։ Ըստ իրեն, Հայաստանի մէջ ատելութեան խօսք չի հնչեր Ատրպէյճանի եւ ատրպէյճանցիներու դէմ, մինչդեռ Պաքու մշտապէս ատելութիւն սերմանող յայտարարութիւններով հանդէս կու գայ ու նման գործելաոճէն չի խորշիր նոյնիսկ նախագահ Իլհամ Ալիեւը։

Երէկ, Նիկոլ Փաշինեան Սեն Փեթերսպուրկի մէջ մասնակցեցաւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) անդամ երկիրներու վարչապետներու ժողովին։ ԵԱՏՄ-ի միջկառավարական խորհուրդի այս ժողովի շրջանակներէն ներս Փաշինեան առանձին հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Ռուսաստանի վարչապետ Տիմիթրի Մետվետեւի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու վարչապետները հայ-ռուսական յարաբերութիւններու արդիւնաւէտ զարգացումը մատնանշեցին։ Սեն Փեթերսպուրկի հանդիպումէն վերջ հրապարակուած հաղորդումներուն մէջ ուղղակի անդրադարձ չկատարուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին, սակայն նշուեցաւ, թէ վարչապետները քննարկած են երկկողմանի ռազմավարական յարաբերութիւնները։

Սեն Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած վարչապետներու հանդիպման առընթեր, երէկ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան եւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Իսկ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ իր երկիրը կ՚ողջունէ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ շփումները։ «Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հարցին մէջ Ռուսաստան հանդէս կու գայ որպէս միջնորդ եւ ինքզինք դրսեւորած է արդիւնաւէտ ու շինիչ ձեւով։ Ռուսաստան հրաշալի կը տիրապետէ այս նիւթին։ Հակամարտութեան կարգաւորման ուղղեալ հանդիպումները տեղի կ՚ունենան զանազան մակարդակներու վրայ։ Մենք կ՚ողջունենք Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ բոլոր հանդիպումները, որոնց մասին կողմերը կը պայմանաւորուին եւ որոնք կ՚անցնին շինիչ մթնոլորտի մը մէջ», ըսաւ Զախարովա։

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԱՍԻՆ

Միւս կողմէ, Նիկոլ Փաշինեան «Էլ Ճեզիրէ»ին տուած հարցազրոյցին մէջ յայտնեց, որ Հայաստան պատրաստ է առանց նախապայմաններու դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատել Թուրքիոյ հետ։ Իր խօսքով՝ երկու երկիրներու սահմանին փակ ըլլալու մեղաւորը Հայաստանը չէ՝ այլ Թուրքիան է։ Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց, որ Հայաստան տարածքաշրջանէ ներս առկայ խնդիրները խաղաղ ու բանակցային ճանապարհով լուծելու կողմնակից է։ «Պատրաստ ենք շինիչ ըլլալ տարածքաշրջանը աւելի բարգաւաճ, խաղաղ ու ապահով դարձնելու համար», ըսաւ Փաշինեան։

Շաբաթ, Յուլիս 28, 2018