ԼԱՐՈՒԱԾ ՍՊԱՍՈՒՄԷ ՎԵՐՋ ՈՐՈՇՈՒՄ

Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպէրթ Քոչարեան երէկ գիշերուան ուշ ժամերուն բանտարկուացաւ Երեւանի մէջ։ 1 մարտ 2008 թուականի արիւնալի դէպքերուն պատճառով, Յատուկ քննչական ծառայութեան պահանջի հիման վրայ՝ Հայաստանի դատական մարմինները որոշեցին կալանաւորել Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը, որ բանտարկուեցաւ երկու ամսուան ժամկէտով։ Ան կը մեղադրուի սահմանադրական կարգը տապալել փորձելու մէջ։ Երէկ օրուան ողջ տեւողութեան հայկական աշխարհի քաղաքական օրակարգը բնորոշեց Ռոպերթ Քոչարեանի մասին տրուելիք որոշումը։ Ի վերջոյ, կէս գիշերին յայտնի դարձաւ, որ ան կը ձերբակալուի։ Այժմ ան բանտարկուած է։ Իրեն նման մեղադրանք առաջադրուած է նաեւ դէպքերու ժամանակ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնին գլուխը գտնուող Միքայէլ Յարութիւնեանին, որ հետախուզութեան մէջ կը գտնուի։ Նոյն մեղադրանքը հասցէագրուած է նաեւ այդ շրջանի Երեւանի կայազօրի պետ Եուրի Խաչատուրովին, որ աւելի վերջ դարձած էր ընդհանուր սպայակոյտի պետ եւ ներկայիս Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարն է։ Դատարանը կալանաւորման որոշում տուաւ նաեւ Եուրի Խաչատուրովի պարագային, սակայն այս վերջինը գրաւի փոխարէն ազատ արձակուեցաւ։ Ըստ երեւոյթին, իր զբաղեցուցած միջազգային պաշտօնը դեր խաղացած է այս ուղղութեամբ։ Երէկ նաեւ մեղադրանք առաջադրուեցաւ նախկին իշխանութիւններու յառաջատար դէմքերէն Արմէն Գէորգեանի դէմ։

Քոչարեանի ձերբակալումէն վերջ, երէկ ուշ գիշերին, իր փաստաբանները հանդէս եկան հակիրճ յայտարարութիւնով մը։ Այս առաւօտ ալ իր պաշտօնական գրասենեակին մէջ մամլոյ ասուլիս մը սարքեցին թէ՛ փաստաբանները եւ թէ Քոչարեանի բանբերը՝ Վիքթոր Սողոմոնեան։ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը տեղեկացուց, որ Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արմէն Թաթոյեան փութացած է Ռոպերթ Քոչարեանի այցելութեան։

Շաբաթ, Յուլիս 28, 2018