ԿԱՐԵՒՈՐ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Անգարայի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ստեղծուած լարուածութիւնը։ Երկու նախագահները արժեւորեցին այն քայլերը, որոնց միջոցաւ կրնան Թուրքիա-Ռուսաստան յարաբերութիւնները ամրապնդուիլ։ Անոնք անդրադարձան տարածքաշրջանի իրադարձութիւններուն՝ մասնաւորապէս Սուրիոյ եւ Լիպիոյ կտրուածքով։

Էրտողան եւ Փութին համաձայնեցան շարունակելու համար համագործակցութիւնն ու երկխօսութիւնը՝ երկկողմանի յարաբերութիւններու եւ տարածքաշրջանային նիւթերու կապակցութեամբ։

Քրեմլինի աղբիւրներն ալ հաղորդումներ կատարեցին Էրտողան-Փութին հեռախօսազրոյցին կապակցութեամբ։ Այդ հաղորդումներուն մէջ ալ նշուած է, որ քննարկուած է Հայաստան-Ատրպէյճան լարուածութիւնը եւ իրավիճակի սրացումը սահմանին վրայ։ Մոսկուայի աղբիւրները նշած են, որ զրոյցը տեղի ունեցած է թրքական կողմի նախաձեռնութեամբ։ Վլատիմիր Փութին ընդգծած է լարուածութեան բարձրացման նպաստող ամէն տեսակ գործողութիւն կանխելու կարեւորութիւնը։

Այս հեռախօսազրոյցը զուգադիպած է տարածքաշրջանային իրադարձութիւններու տեսակէտէ կարեւոր փուլի մը։ Արդարեւ, վերջերս Ռուսաստանի բանակը Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի մերձակայքին լայնածաւալ ռազմափորձի մը ձեռնարկած էր։ Այժմ, Թուրքիան ալ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն հետ Նախիջեւանի մէջ, Հայաստանի սահմանին վրայ որոշած է լայնածաւալ զօրավարժութիւններ իրականացնել։ Ռուսական կողմն ալ ուշադրութեամբ կը հետեւի այս իրադարձութիւններուն։ ԹԱՍՍ գործակալութիւնը տեղեկացուց, որ զօրավարժութիւններու ծիրին մէջ կը ներկայացուին հրետանիի կայանքներ, ականանետեր, ռազմաօդային զօրքեր եւ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր։

Երէկուան հեռախօսազրոյցի ընթացքին Էրտողան եւ Փութին նշած են, որ շահագրգռուած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորմամբ բացառապէս խաղաղ միջոցներով եւ բանակցութիւններով։ Ըստ Քրեմլինի աղբիւրներուն, կողմերը նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնած են համակարգելու համար իրենց ջանքերը՝ տարածքաշրջանէ ներս իրավիճակի կայունացման նպատակով։

«Անատոլու» գործակալութիւնն ալ երէկ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ Նախիջեւանի մէջ նախատեսուած մօտալուտ լայնածաւալ զօրավարժութիւններուն շուրջ, որոնց ընդառաջ Թուրք զինեալ ուժերէն խումբ մը արդէն տեղ հասած է։ Նախիջեւանի սահմանին վրայ թրքական զօրախումբը Արաքս գետի «Իւմիթ» կամուրջի Սետերեքի անցակէտին վրայ դիմաւորուեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւնով։ Թէ՛ Պաքուի եւ թէ Նախիջեւանի մէջ նախատեսուած զօրավարժութիւնները տեղի պիտի ունենան 1-5 օգոստոսին։ Այլ շարք մը փուլերով զօրավարժութիւնները պիտի շարունակուին մինչեւ օգոստոսի 10-ը։ Երէկ Նախիջեւան մեկնած թուրք զինուորները տեղակայուեցան զօրամասերու մէջ։ «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը այսօր կը գրէ, որ Ատրպէյճանի հետ այս լայնածաւալ փորձերը պիտի կատարուին Հայաստանի վախ պատճառելու համար։

ԵՐԵՒԱՆԷՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի բանակէն դիպուկահարի մը բացած կրակին հետեւանքով հայ զինուորի մը նահատակուելու դէպքին բերումով երէկ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, նախարարութեան բանբերը՝ Աննա Նաղդալեան յայտնեց, որ Ատրպէյճան պէտք է վստահելի քայլերու ձեռնարկէ հրադադարի ամրապնդման ուղղութեամբ։ Յայտարարութեան մէջ անդրադարձ կատարուած է նաեւ Ատրպէյճանի կողմէ Թուրքիոյ հետ ռազմափորձեր իրականացնելու համար առնուած որոշման։ «Այս բոլորը կը վկայեն, թէ Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը սադրիչ գործողութիւններու միջոցաւ կը խոչընդոտէ իրավիճակի լիցքաթափման եւ խաղաղ գործընթացի վերսկսման ուղղեալ միջազգային միջնորդներու ջանքերը եւ այսպէսով իսկ կը ստանձնէ ապագայ ապակայունացման հետեւանքներու պատասխանատուութիւնը», նշած է բանբերը։

ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՄԷՋ ԴԷՊՔԵՐ

Հայաստանեան զանազան լրատուամիջոցներ երէկ արձագանգ հանդիսացան, որ վերջին օրերուն Իսթանպուլի մէջ դէպքեր պատահած են հայերու եւ ատրպէյճանցիներու միջեւ։ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը տեղեկացուց, որ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ ստեղծուած լարուածութեան մթնոլորտին մէջ, Հայաստանի քաղաքացի երիտասարդ մը ծեծի ենթարկուած է խումբ մը ատրպէյճանցիներու կողմէ։

Ըստ նոյն աղբիւրին, երեսփոխան Կարօ Փայլան այս դէպքը յանձնած է Ներքին գործոց նախարարութեան նկատառման։

Երեքշաբթի, Յուլիս 28, 2020