ՄԵՐ ՀԱՄԱՅՆՔԷՆ ԱՐՄԱՆ ՊԸՉԱՔՃԸ ԱՄՈՒՍՆԱՑԱՒ ԴԵՐԱՍԱՆՈՒՀԻ ՍՈՆԿԻՒԼ ԷՕՏԷՆԻ ՀԵՏ

Ընկերային ցանցերու վրայ լայն արձագանգ գտած է ամուսնութեան լուր մը։ Այսպէս, մեր համայնքէն գործարար Արման Պըչաքճը ամուսնացած է դերասանուհի Սոնկիւլ Էօտէնի հետ։ Չորս տարուան միասնականութենէ մը վերջ անոնք որոշած են ամուսնանալ։ Արման Պըչաքճը որդին է Տ. Զաւէն Քհնյ. Պըչաքճեանի ու կ՚աշխատի յայտնի ոսկերիչ Սեւան Պըչաքճըի հետ, որու զարմիկն է։

Ըստ հաղորդումներուն, ընտանեկան նեղ շրջանակի մը մէջ տեղի ունեցած է երիտասարդ ամոլին ամուսնութիւնը։ Պէշիկթաշի քաղաքապետութեան ամուսնութիւններու բաժանմունքի տնօրէն Օսման Շենէր Քուրտօղլու կատարած է անոնց պաշտօնական պսակը։ Պարզ արարողութեան ընթացքին Սոնկիւլ Էօտենի վկաները եղած են՝ Արզում Օնան եւ Էսրա Տերմանճըօղլու։ Իսկ Արման Պըչաքճըի վկաները եղած են՝ Սեւան Պըչաքճը եւ Ովսաննա Օլկուն։  

Երեքշաբթի, Յուլիս 28, 2020