ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ HARD ROCK CAFE ԿԸ ԲԱՑՈՒԻ

Երեւանի մէջ յառաջիկայ շրջանին պիտի բացուի Hard Rock Cafe մը։ Մօտաւոր ապագային ան պիտի սկսի գործել, մինչ նախընթաց օր զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն համար կազմակերպուեցաւ ծանօթացման հաւաքոյթը։ Միջազգային մեծ ցանց մը կը կազմեն Hard Rock Cafe-ները, որոնց Երեւանի մասնաճիւղը մայրաքաղաքի սրտին վրայ է, Հանրապետութեան հրապարակի մօտակայքը։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Երեւանի Hard Rock Cafe-ի երդիքին տակ կը ցուցադրուին նաեւ թանգարանային նմոյշներ եւ այցելուներուն կ՚առաջարկուի իւրայատուկ խոհանոց։

Ըստ Երեւանէն հասած լուրերուն, Hard Rock Cafe-ն միայն ճաշարան մը կամ սրճարան մը չէ։ Ան այժմէն արդէն ամբողջ փորձառութիւն մը կը համարուի, կ՚ընձեռէ միջավայր մը, որ կ՚ապահովէ բարձրակարգ սպասարկում՝ համապատասխանելով նորարարութեան բոլոր չափանիշներուն։ Նախաձեռնարկները կը յուսան, թէ Երեւանի Hard Rock Cafe-ն կը ներմուծէ նոր որակ, կը ձեւաւորէ սպասարկման նոր՝ առաւել կատարելագործուած մշակոյթ։

Hard Rock Cafe-ի համալիրէն ներս ներկայացուած են շարք մը աշխարհահռչակ աստղերու. օրինակ՝ Մայքըլ Ճեքսըն, Շէր եւ այլնի, պատկանող իրեր։

Հինգշաբթի, Յուլիս 28, 2022