ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԹՐՔԱԿԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ

Ատրպէյճանի Կրթութեան նախարար Էմին Ամրուլլաեւ յայտարարեց, որ յաջորդ ուսումնական տարիէն սկսեալ երկրի դպրոցներէն ներս պիտի սկսի թրքական պատմութեան եւ թրքական աշխարհագրութեան առարկաներու դասաւանդումը։ «Ընդհանուր թրքական պատմութիւն»ը նոր առարկայ մըն է, որուն դասագիրքի պատրաստութիւնն ալ ընթացքի մէջ է։ Նախարար Ամրուլլաեւ տեղեկացուց, որ դասագիրքի պատրաստ ըլլալէն վերջ պիտի սկսի այս առարկայի դասաւանդումը։

Հարկ է նշել, որ թրքախօս երկիրներէ ներս այսպիսի առարկաներու դասաւանդման շուրջ փոխըմբռնում գոյացած է Թրքական աշխարհի խորհուրդի մակարդակով։ 

Հինգշաբթի, Յուլիս 28, 2022