ՀԱՇՏՈՒԹԵԱՆ ԽՐԱԽՈՅՍ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Պետական քարտուղարութեան բանբեր Նետ Փրայս յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն կը փափաքի երկարաժամկէտ խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ օգնել Երեւանին եւ Պաքուին։ «ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարը, ինչպէս նաեւ ամերիկացի այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ բոլոր մակարդակներու վրայ կը շարունակեն աշխատանքը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ՝ միշտ առաջարկելով ամերիկեան կողմի աջակցութիւնը՝ յանուն երկարաժամկէտ ու համապարփակ խաղաղութեան», ըսաւ ամերիկացի բանբերը։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, լրագրողներ Նետ Փրայսին յիշեցուցին, որ վերջին օրերուն ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն հեռախօսազրոյցներ ունեցած էր Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Այս կապակցութեամբ Փրայս ըսաւ. «Մենք կարողացած ենք որոշակի յառաջընթացի հասնիլ մեր հայ եւ ատրպէյճանցի գործընկերներուն հետ՝ շարունակական շփումներու եւ դիւանագիտական բանակցութիւններու միջոցաւ։ Կը կարծենք, թէ կրնանք շարունակել այս ընթացքը։ Միանշանակ, պետական քարտուղարը զանազան հեռախօսազրոյցներ ունեցած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարութիւններուն հետ, սակայն այս կառոյցին մէջ կան մեծ թիւով մարդիկ՝ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, որոնք իրենց գործընկերներուն հետ զանազան մակարդակներու վրայ շփման մէջ են՝ շարունակելու գործընթացը եւ վերահաստատելով մեր օգնութեան առաջարկը, որովհետեւ մենք կը փափաքինք երկարաժամկէտ, համապարփակ խաղաղութիւն»։

Նետ Փրայսին հարցում մըն ալ ուղղուեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափին մասին։ Արդարեւ, ԱՄՆ շարունակաբար կը յիշատակէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացի միջնորդ մարմնի՝ Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափին մասին, իսկ Ատրպէյճանի նախագահը ամէն օր կը վատաբանէ զայն։ Այս կապակցութեամբ բանբերը ըսաւ. «Մենք մեր յայտարարութիւններուն մէջ յստակ ըսած ենք, որ ԱՄՆ պատրաստ է աջակցելու այս երկու երկիրներուն եւ համախոհ գործընկերներու որեւէ տարբերակով կամ ձեւաչափով, որ արդիւնաւէտ կ՚ըլլայ։ Մենք 1994 թուականէն ի վեր Մինսքեան խմբակի համանախագահ ենք։ Բայց ինչպէս արդէն ցոյց տուած ենք, մենք նաեւ կը փափաքինք երկիրներու հետ ներգրաւուիլ երկկողմանի ձեւաչափով՝ օգնելու համար Հայաստանին ու Ատրպէյճանին, որպէսզի հասնին երկարաժամկէտ, համապարփակ խաղաղութեան»։

Միջազգային առկայ իրադրութեան բերումով ներկայիս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափը լրջօրէն կը կաղայ, Ռուսաստանի, ԱՄՆ-ի եւ Ֆրանսայի միջեւ գործնական ջանքերու համար հասարակաց յայտարար գտնելը հնարաւոր չ՚ըլլար։

ՇԱՀԻՏԻ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Միւս կողմէ, ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի շրջանային նախագահ Ապտուլլահ Շահիտի երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։ Հայաստանի փոխ-վարչապետ Համբարձում Մատթէոսեան իր հետ հանդիպման ընթացքին յայտնեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման միջազգայնօրէն ճանչցուած միակ ձեւաչափն է։

ՄՈՍԿՈՒԱՅԷՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Միւս կողմէ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ երէկ հերթական յայտարարութեամբ հանդէս եկաւ Հարաւային Կովկասի կապակցութեամբ։ Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղեալ ջանքերուն նոր դերակատարներու ներգրաւման երեւոյթի լոյսին տակ՝ Մոսկուա տեղեկացուց, որ իրեն համար գլխաւորը տարածաշրջանէն ներս թաքուն խաղերու տեղ չտալն է։ «Ռուսաստան Հարաւային Կովկասը խաղաղութեան ու բարգաւաճման գօտիի մը վերածելու կողմնակից է եւ չի պատրաստուիր մրցակցելու ոեւէ մէկու հետ», ընդգծուեցաւ Մոսկուայէն։ Նոյն առթիւ կրկնուեցաւ Ռուսաստանի դիրքորոշումը, ըստ որու Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւնները պէտք է կարգաւորուին՝ Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ հրապարակուած վերջին երեք յայտարարութիւններուն համաձայն։   

Հինգշաբթի, Յուլիս 28, 2022