ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐ ԷՐՏՈՂԱՆ ԵՒ ՓՈՒԹԻՆ ՕԳՈՍՏՈՍԻ 5-ԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՆ ՍՈՉԻԻ ՄԷՋ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին արդէն ժամադրուած են հերթական անգամ։ Օգոստոսի 5-ին անոնք պիտի տեսակցին Սոչիի մէջ։ Մօտաւոր անցեալին երկու ղեկավարները Թեհրանի մէջ միասնաբար մասնակցած էին եռակողմանի գագաթաժողովի՝ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռաիսիի հետ։ Այդ գագաթաժողովի շրջանակին մէջ Էրտողան եւ Փութին ունեցած էին նաեւ երկկողմանի հանդիպում մը։ Ուրեմն, կարճ ժամանակ անց, անոնք արդէն վերստին մէկտեղուելու կը պատրաստուին։ Թեհրանի հանդիպման ժամանակ Փութին յայտնած էր, որ Էրտողանի հետ քննարկումներու ընթացքին կը շօշափուի նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ Սոչիի ժամադրութիւնը պիտի յաջորդէ՝ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի մթնոլորտին մէջ Թուրքիոյ ջանքերով ապահովուած հացահատիկի Սեւ ծովէն փոխադրութեան վերաբերեալ համաձայնութեան։

Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով երէկ բացատրութիւններ տուաւ Էրտողան-Փութին մօտալուտ տեսակցութեան օրակարգին շուրջ։ Ըստ իրեն, երկու ղեկավարներու բոլոր հանդիպումներուն ժամանակ ռազմաթեքնիք համագործակցութեան վերաբերեալ հարցերը մշտապէս ուշադրութեան առարկայ կը դարձուին։ Բաց աստի, անոնք պիտի քննեն Ուքրայնայէն հացահատիկի արտահանման ուղղեալ աշխատանքները համակարգող կեդրոնի գործունէութիւնը։ Ծանօթ է, որ այդ կեդրոնը կը գտնուի Իսթանպուլի մէջ։ Փեսքով յայտնեց, որ Էրտողան եւ Փութին մտադիր են քննարկել այս գործարքի նպատակները եւ անոր իրականացման մեթոտներու համապատասխանութիւնը։

Հարկ է նշել, որ Անգարա-Մոսկուա առանցքին վրայ վերջին շրջանին Սուրիոյ տագնապի ընթացքն ալ աստիճանաբար կը դառնայ հրատապ։ Թուրքիա ներկայիս կը ծրագրէ ռազմական նոր գործողութիւններու ձեռնարկել, ինչ որ ընդհանուր առմամբ վերապահութեամբ կ՚ընկալուի միջազգային բեմահարթակի վրայ։

Սոչիի ժամադրութեան ընդառաջ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուն ալ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն ու Ռուսաստանը մեղադրեց՝ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի մէջ անկեղծ չըլլալով։ 

Հինգշաբթի, Յուլիս 28, 2022