ՔՈՒԷՅԹԱՀԱՅ ԳՈՐԾԱՐԱՐ ՈՒ ՅԱՅՏՆԻ ԲԱՐԵՐԱՐ ԿԻՐԱԿՈՍ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ ԹԱՓ ԿՈՒ ՏԱՅ «ԳՆԵՑԷ՛Ք ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ» ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՆ

Քուէյթահայ գործարար եւ ազգային բարերար Կիրակոս Գույումճեան այս շրջանին կ՚այցելէ Երեւան, ուր «Արմէնփրէս»ի սրահին մէջ տուաւ մամլոյ ասուլիս մը։ Ան հայ իրականութենէն ներս բազմակողմանի գործունէութիւն կը ծաւալէ եւ այդ ամբողջին մէջ սկիզբ դրած է «Գնեցէ՛ք Հայաստանէն» նախաձեռնութեան։ Զանգուածային լրատուութեան միջոցներու հետ այս վերջին զրոյցին ժամանակ Կիրակոս Գույումճեան տեղեկացուց, որ կ՚աշխուժացնէ իր այս նախաձեռնութիւնը, որու նպատակն է նպաստել Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման։ Թէեւ 2019 թուականէն ի վեր ընթացքի մէջ է այս ծրագիրը, սակայն վրայ հասած համավարակին հետեւանքով աշխատանքները բաւական կաղացած են։ Կիրակոս Գույումճեան ներկայիս կը ձգտի վերակենդանացնել նախաձեռնութիւնը։ «Ինչպէս գիտէք, վերջին շրջանին զբօսաշրջութեան աշխուժութիւն կը նկատուի։ Շատեր կը նախընտրեն Հայաստան այցելել՝ իրենց հանգիստը կազմակերպելու համար։ Այս արշաւի էութիւնն է, որ մեր հայրենակիցներուն կոչ ուղղենք, խրախուսենք, որ իրենց անհրաժեշտ ապրանքները գնեն Հայաստանի մէջ։ Ի՛նչ կարիք կայ դուրսէն ապրանք բերելու, եթէ այստեղ ամէն ինչ կայ եւ հնարաւոր է հանգիստի ընթացքին գնել։ Եթէ այս նախաձեռնութիւնը տարածում ունենայ, ապա շահաւէտ պիտի ըլլայ Հայաստանի համար», յայտնեց մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Կիրակոս Գույումճեան։

Իր այս յայտարարութիւններուն մէջ Գույումճեան նաեւ դիտել տուաւ, որ այս նախաձեռնութիւնը շահ կրնայ ապահովել երկրի գործարարներուն եւ արտադրողներուն։ Արդարեւ, եթէ սփիւռքահայ զբօսաշրջիկները սկսին իւրաքանչիւր այցելութեան ժամանակ գնումներու հիմնական մասը ընել Հայաստանի մէջ, ապա սա կը նշանակէ, որ երկրին մէջ այդ ապրանքներու պահանջարկը կ՚աւելնայ։ Արդիւնքը թէ՛ վաճառողներու եւ թէ արտադրողներու համար լաւ կ՚ըլլայ։ Բաց աստի, Հայաստան մուտք գործած տարադրամի ծաւալը կ՚աւելնայ եւ այս բոլորէն կը շահի պետութիւնը։

Երկար տարիներէ ի վեր Կիրակոս Գույումճեան կը ջանայ զօրակցութեան ծրագիրներ կեանքի կոչել Հայաստանի եւ Արցախի ի նպաստ։ Ան արաբական լրատուամիջոցներուն մէջ հանդէս կու գայ հայկական օրակարգին վերաբերեալ հարցերու շուրջ խորհրդածութիւններով։ «Ընդհանրապէս, արաբական աշխարհէ ներս հայկական հարցերը ներկայացնելու տեսանկիւնէն թերացած ենք։ Անհրաժեշտ չափով չենք կարողացած մեր հարցը ներկայացնել արաբ ժողովուրդին։ Շատեր ամբողջական պատկերացում մը չունին հայոց օրակարգին վերաբերեալ խնդիրներուն շուրջ», համոզուած է Գույումճեան։

Երեւանի մամլոյ ասուլիսին ժամանակ Կիրակոս Գույումճեան անդրադարձաւ նաեւ «Ներսէս Շնորհալի» կրթական մրցանակին, որ Հալէպի եւ Քուէյթի հայկական վարժարաններու սաներուն համար հաստատուած էր՝ նոյնպէս իր ջանքերով։ Խրախուսական այս մրցանակին ցարդ արդէն աւելի քան քսան աշակերտ արժանացած է։ Կիրակոս Գույումճեան շեշտեց, որ այս մրցանակը նպաստած է նաեւ հայկական վարժարաններու պարագային մրցունակութեան եւ յառաջդիմութեան բարձրացման։ Կիրակոս Գույումճեան յայտնեց, որ այս նախաձեռնութիւնը յառաջիկայ տարիներուն եւս պիտի շարունակուի։  

Հինգշաբթի, Յուլիս 28, 2022