ՖՈՐՈՒՄԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Երեւանի մէջ այս աշնան նախատեսուած է Կլոպալ նորարարութեան ֆորում (GIF) մը, որու գլխաւոր բանախօսը պիտի ըլլայ յայտնի գիտնական ու գործարար եւ ազգային բարերար Նուպար Աֆէեան։ Այս վերջինը, միեւնոյն ժամանակ, Հայաստանի Գիտութեան եւ թեքնոլոժիներու հիմնադրամի (FAST) համահիմնադիրն է։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, համաշխարհային այս հաւաքին ընդառաջ Նուպար Աֆէեան վերահաստատած է իր նուիրումը FAST-ի՝ Հայաստանը նորարարական հանգոյց մը դարձնելու ուղղեալ առաքելութեան իրականացման ճանապարհին։

GIF-ը Հայաստանի մէջ թէեւ այլեւս կը համարուի աւանդական, սակայն այս տարուանը բացառիկ նշանակութիւն մը կը ստանայ Նուպար Աֆէեանի ներդրումով։ Ֆորումը նախատեսուած է հոկտեմբերի 5-6-ին։

«Եթէ ստանձնած էք գիտութիւնը զարգացնելու յանձնառութիւնը, ապա պէտք է իմանաք, թէ դուք այն զինուորներն էք, որոնք կը կառուցեն երկրի ապագան։ Եթէ դուք յամառօրէն կը ձգտիք բանի մը, յետոյ զայն կը փոխէք եւ կը յարմարեցնէք ձեզ, ի վերջոյ բեկում կը մտցնէք։ Այդ ժամանակ դուք լիովին կը տիրապետէք նոր իրավիճակին։ Ուղին, որմէ կ՚անցնի ներգաղթեալը օտար երկրի մէջ ու կը դառնայ այդ երկրի իրականութեան մասնիկը, նոյնն է՝ նորարարներու անցած ճանապարհին հետ», ըսաւ այս առթիւ Նուպար Աֆէեան։ 

Հինգշաբթի, Յուլիս 28, 2022