Ե­րու­սա­ղէմի հայ­կա­կան խե­ցի­նե­րու ար­տադ­րու­թիւնը իր շուրջ կը հա­Ւա­քէ սուրբ քա­ղա­քի բո­լոր կրօն­նե­րը

Հայկական խեցեգործ իրերու արտադրութեան 100-ամեակին առիթով, Երուսաղէմի մէջ բացուած է խեցեգործութեան դպրոց, որ դարձած է քաղաքի մշակոյթի անբաժան մասը:

Երուսաղէմ քաղաքի Վիա Տոլորոզայի կանաչ դրան ետեւի կողմը կայ Հին քաղաքով անցնող քրիստոնէական ուխտագնացութեան ուղին, ուր կը ներկայացուի փոքր սենեակ մը, արհեստանոց մը՝ լի գունաւոր խեցիէ ծաղկամաններով, սալիկներով եւ շատ ու շատ այլ մշակութային իրերով: Այդ ստեղծագործութիւններէն շատերը կը պարունակեն խաչեր եւ պիպլիական տեսարաններ, որոնք քաջ յայտնի են այս վայրը յաճախ այցելող քրիստոնեայ զբօսաշրջիկներուն: Դարեր շարունակ Երուսաղէմի այս հայկական խեցեղէնի արտադրութիւնը իւրայատուկ արուեստի մը ճանապարհով իր շուրջ հաւաքած է Սուրբ Քաղաքի բոլոր կրօնները: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը, այս մասին կը յայտնէ բրիտանական Tablet թերթը:

«Հայկական խեցեղէն իրերու 100-ամեայ արտադրութիւնը իր շուրջ կը հաւաքէ Սուրբ Քաղաքի բոլոր դաւանանքի մարդիկը: Երուսաղէմի հայկական համայնքի վարպետներու ձեռքով պատրաստուած յուշանուէրները մեծ համբաւ կը վայելեն կրօնական բոլոր ուղղութիւններու ներկայացուցիչներուն մօտ: Անոնց ձեռակերտները կը զարդարեն նաեւ քաղաքի շարք մը ծանօթ կառոյցներ, որոնց վրայ կախուած են վահանակներ եբրայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն», կը գրէ «Թապլեթ» թերթը:

Երուսաղէմի մէջ գտնուող այս խանութի սեփականատէր, այստեղ ծնած 50-ամեայ Յակոբ Գարագաշեան, որու մեծ հայրը եղած է քաղաքի խեցեղէնի մշակմամբ զբաղող առաջին անհատներէն մէկը, կը նշէ, որ իրենք հպարտ են այն գործով, որով կը զբաղին:

Չնայած այն հանգամանքին, որ Երուսաղէմի հայ քրիստոնեաները կը հանդիսանան քաղաքի քիչ թիւով փոքրամասնութիւններու խումբերէն մին, այդուհանդերձ անոնց կողմէ պատրաստուած ձեռքի իւրաքանչիւր գործ, իւրաքանչիւր մշակութային առարկայ քաղաքի այցելուներու կողմէ ձեռք բերուող ամենատարածուած յուշանուէրներէն է: Բացի այդ, անոնց կողմէ պատրաստուած գործերը այնքան մեծ հռչակ ունին, որ կը զարդարեն նաեւ Երուսաղէմի յայտնի կառոյցները, ինչպէս նաեւ կ՚օգտագործուին քաղաքի փողոցներու անունները եբրայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն նշելու համար:

Յատկանշական է, որ խեցեղէնի առաջին հայկական խանութի 100-ամեայ տարելիցի կապակցութեամբ կը սկսի գործել նաեւ խեցեգործութեան դպրոցը, որ կրնայ դառնալ քաղաքի մշակութային կեանքի բաղկացուցիչ եւ անբաժանելի մասը:

«Մենք պարզապէս յոյս ունինք, որ քաղաքին մէջ կը տիրէ հանդարտութիւն ու խաղաղութիւն, եւ մենք կը կարողանանք մեր աշխատանքը կատարել խաղաղ պայմաններով», կ՚աւելացնէ Գարագաշեան:

Խօսելով իր մեծ հօր՝ Վիա Տոլորոզա արհեստանոցի սեփականատէր, նկարիչ Մկրտիչ Գարագաշեանի մասին՝ Յակոբ Գարագաշեան կ՚աւելացնէ, որ խեցեգործութեամբ զբաղիլը իր մեծ հօր համար լաւ հնարաւորութիւն հանդիսացած է, որպէսզի ան կարողանայ փախչիլ եւ փրկուիլ Մեծ եղեռնէն: Թէեւ սկզբնական շրջանին սեփական խեցեգործութեան մշակութիւն ստեղծելու համար պայմանները բաւական ծանր եղած են, այդուհանդերձ Գարագաշեաններու ընտանիքը յաջողած է:

Խեցեգործ Յակոբ Գարագաշեան կ՚աւելացնէ, որ վերջերս սկսած է իր հմտութիւնները սոր-վեցնել իր 15-ամեայ թոռնուհիին՝ նպատակ ունենալով զանոնք կենդանի պահել եւ փոխանցել իր սերունդներուն։

«Ան դեռ անչափահաս է, եւ ես չեմ գիտեր, թէ ան ինչով կը զբաղի յառաջիկային: Սակայն մեր այս գործը արդէն դարձած է Երուսաղէմի խորհրդանիշը, որու պատճառով մենք շատ հպարտ ենք եւ պէտք է զայն կենդանի պահենք », նշած է խե-ցեգործ Յակոբ Գարագաշեան:

Միւս կողմէ, Երուսաղէմի մէջ կ՚ապրին շուրջ 25 հազար հայեր: Մեծամասնութիւնը Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հետեւորդ է:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 28, 2017