ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ Զբօսաշրջութեան Զարգացման կը Նպաստեն Փառատօնները

Դէպի Հայաստան ներգնայ զբօսաշրջիկներուն թիւը, 2017-ի առաջին կիսամեակին ընթացքին, կազմած է 622.381, որ 24.2 տոկոսով աւելի է նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանի ցուցանիշէն:

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, նախընթաց օր կայացած ասուլիսի մը ընթացքին, Հայաստանի Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէի նախագահի առաջին տեղակալ Մեխակ Ապրեսեան ըսած է, որ Հայաստանի մէջ զբօսաշրջութեան զարգացման էապէս կը նպաստեն նաեւ փառատօնները:

«Հայաստանի տարբեր մարզերու մէջ իրականացուող փառատօնները ոչ միայն իւրովի հետաքրքրական զբօսաշրջային արդիւնք են, այլ նաեւ հարթակ են, որպէսզի զբօսաշրջութեան միւս ձեւերը եւս զարգանան եւ ներկայացուած ըլլան այդ հարթակին մէջ», ըսած է ան։

Ապրեսեանի խօսքով՝ Հայաստանի մէջ ներգնայ զբօսաշրջային աճ ապահովող հիմնական շուկաներն են Ռուսաստանը, Վրաստանը, Իրանը եւ եւրոպական երկիրները: «Այս տարի հետաքրքրական շաժ կայ Չինաստանէն, Ծոցի երկիրներէն, Ճաբոնէն: Մեզ նոր կը բացայայտեն Քորէան, Փիլիպեանները», ըսած է Մեխակ Ապրեսեան:

Զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէի նախագահի առաջին տեղակալը նշած, որ վերջին տարիներուն մեծ է հետաքրքրուածութիւնը նաեւ լատինամերիկեան երկիրներէն: «Համաշխարհային շուկայի մէջ դէպի Հայաստան այցերը տարուէ տարի կ՚աւելնան: Զբօսաշրջիկներու 98 տոկոսը գոհ կը հեռանայ այստեղէն», ըսած է ան:

Մեխակ Ապրեսեան նաեւ աւելցուցած է, որ հայաստանցի զբօսաշրջիկները այս տարի եւս, իրենց հանգիստը, մեծ մասամբ, նախընտրած են անցընել ծով ունեցող երկիրներու մէջ:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 28, 2017