ՄԵԾ ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Պարսելոնայի «Կրասիա» պողոտային վրայ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ բողոքի մեծ երթ մը, որ ամբողջ աշխարհի հանրային կարծիքի ուշադրութիւնը գրաւեց։ 17 Օգոստոսին Պարսելոյանի մէջ տեղի ունեցած եւ հինգ զոհեր խլած ահաբեկչական յարձակման դէմ տեղի ունեցաւ այս բողոքի երթը, որու մասնակիցներու կարգախօսն էր՝ «Չեմ վախնար»։ Սպանիոյ եւ ամբողջ Եւրոպայի ժողովուրդին կողմէ ահաբեկչութեան դէմ մեծ դիմադրութեան մը նշանակութիւնը ունեցաւ այս ցոյցը։ Միեւնոյն ժամանակ, Սպանիոյ պատմութեան մէջ առաջին անգամ երկրին թագաւորը ժողովուրդին հետ մասնակցեցաւ հանրահաւաքի մը։ Արդարեւ, բողոքի երթի մասնակիցներու շարքին էին Սպանիոյ Ֆելիփէ Զ. թագաւորը, վարչապետ Ռախոյ եւ քաղաքական ու հասարակական բազմաթիւ ազդու գործիչներ, ինչպէս նաեւ Քաթալոնիոյ տեղական ղեկավարութեան ներկայացուցիչները։ Ուշագրաւ էր, որ երթի ընթացքին Սպանիոյ թագաւորն ու վարչապետը քալեցին մահմետական կնոջ մը հետ։ Ցուցարարները կրեցին ուշագրաւ պաստառներ, որոնց վրայ կը նկատուէին մասնաւորապէս «Իսլամը խաղաղութիւն է» պատգամի արտայայտութիւնները։ Միեւնոյն ժամանակ, պարզուեցաւ Սէուտական Արաբիոյ թագաւորին լուսանկարով պաստառ մը, որուն վրայ կոչ կ՚ուղղուէր զէնքի վաճառքները դադրեցնելու համար։

Պարսելոնային բողոքի երթի մասնակիցները միեւնոյն ժամանակ հանդէս եկան աշխարհի վրայ համակեցութեան ի նպաստ վանկարկումներով իրենց կարգախօսը՝ «Չեմ վախնար»ը արդարացուցին այն համոզումով, թէ սէրը անպայման պիտի գերազանցէ ատելութիւնը։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 28, 2017