ՇԱԲԱԹ՝ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Յայտնի պատմաբան ու ցեղասպանագէտ Փրոֆ. Վահագն Տատրեանի յուղարկաւորութիւնը այս շաբաթավերջին տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, Վահագն Տատրեան օգոստոսի 2-ին Նիւ Եորքի մէջ մահացած էր 93 տարեկանին։ Համեմատական ցեղասպանագիտութեան հիմնադիր, իրաւագէտ ու ընկերաբան Տատրեանի աճիւնը որոշուած էր փոխադրել Հայաստան։ Այս բոլորէն վերջ արդէն յայտնի դարձած է իր հրաժեշտի արարողութիւններուն ժամանակացոյցը։

Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, այս ուրբաթ, երեկոյեան ժամերուն Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի շէնքին մէջ սգահանդէս մը տեղի պիտի ունենայ Վահագն Տատրեանի համար։ Օր մը վերջ ալ՝ շաբաթ, կէսօրուան ժամերուն տեղի պիտի ունենայ իր յուղարկաւորութիւնը եւ Վահագն Տատրեանի մարմինը պիտի ամփոփուի Երեւանի քաղաքային պանթէոնին մէջ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 28, 2019