ԱՅՍՕՐ ԾՆԱԾ Է ԳԵՐՄԱՆԱԿԱՆ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՏԻՏԱՆՆԵՐԷՆ ԿԷՕԹԷ

Եոհան Վոլֆկանկ Կէօթէ ծնած է 28 օգոստոս 1749 թուականին Մայնի Ֆրանքֆուրթ քաղաքին մէջ։ Հարուստ ընտանիքի մը երդիքին տակ աշխարհ եկաւ Կէօթէ։ Անոր մեծ հայրը քաղաքապետ, հայրը՝ կայսերական բարձր պաշտօնեայ էր, որ ունէր իրաւաբանական տոքթորի աստիճան, կը հետաքրքրուէր արուեստով, իր ժամանակի առաջաւոր գաղափարներով։ Պատանի Եոհանի կրթութեան ու դաստիարակութեան գործը անձամբ հոգացած է հայրը, հրաւիրած է տեղւոյն յառաջատար, գիտուն մանկավարժները։ Կէօթէն օժտուած էր արտակարգ ընդունակութիւններով. տակաւին պատանի հասակին հիանալի գիտէր մի քանի լեզուներ, փիլիսոփայութիւն, գրականութեան պատմութիւն, լրջօրէն կը զբաղէր բնագիտութեան ուսումնասիրութեամբ։

Վոլֆկանկ Կէօթէ ուսանած է Լայպցիկի եւ Սթրազպուրկի համալսարաններուն մէջ։ Ստեղծագործած է վաղ տարիքէն։ Գրած է բանաստեղծութիւններ, վէպեր։ Անոր քնարերգութիւնը կենսասէր է՝ համակուած յուզականութեամբ ու անմիջականութեամբ։ 25-ամեայ Կէօթէ հռչակաւոր դարձած է «Երիտասարդ Վերթերի տառապանքները» վէպով, որ գրուած է նամականիի ձեւով։ Վէպի գլխաւոր հերոսը՝ Վերթերը, կը փնտռէ իր ընտանեկան երջանկութիւնը, սակայն, դժբախտ սէրէն յուսախաբ, ինքնասպան կ՚ըլլայ։

Իր ապրած 83 տարիներուն ընթացքին ան ականատես եղաւ Փրուսիոյ եօթնամեայ պատերազմին, Ամերիկայի անկախութեան պայքարին, Նափոլէոնի եւրոպական արշաւանքին...: Ան տեսաւ ֆրանսական երկու արիւնալի յեղափոխութիւնները եւ մերժեց յեղափոխութեան գաղափարը այն համոզումով, որ բարօրութեան կարելի է հասնիլ ոչ թէ արեան գնով, այլ ստեղծարար գործունէութեամբ եւ անդուլ ինքնակատարելագործումով։

Ան գրական վիթխարի ժառանգութիւն մը ձգեց մարդկութեան՝ շուրջ 1600 քերթուած, թատրերկեր, վէպեր ու նորավէպեր, ինքնակենսագրական բազմահատոր «Քերթողութիւն եւ ճշմարտութիւն»... Անոր միա՛յն նամականին քանի մը տասնեակ հատոր կը կազմէ։ Այս բոլորին վրայ եթէ աւելցնենք նաեւ գերմանական քերթողութեան գագաթնակէտը հանդիսացող «Ֆաուստ» ողբերգութիւնը, Կէօթէ մեր եւ գալիք սերունդներուն կը ներկայանայ որպէս անկրկնելի երեւոյթ, որպէս հանճար, բառիս մոգական իմաստով՝ Genius, որ լատիներէնէ թարգմանուած կը նշանակէ «ոգի»։

«Ֆաուստ»ը հայերէնի թարգմանած է գրող, խմբագիր եւ թարգմանիչ Պարոյր Միքայէլեան (1878 -1955):

Հակառակ բեղուն ստեղծագործական կեանքին, Կէօթէ Էքերմանին կը գանգատէր, ըսելով, որ կեանքի հանգամանքները եթէ զինք կտրած չըլլային գրական գործերէն, հարիւր հատոր գրած կ՚ըլլար:

Կէօթէի ստեղծագործութիւններէն թարգմանութիւններ կատարած է նաեւ երախտաշատ թարգմանիչ եւ բանասէր Արտաշէս Աբեղեան: Ան թարգմանած է մեծ գերմանացիին նորավէպերը, պատմուածքներն ու հեքիաթները: Աբեղեան ծրագրած էր Կէօթէի գործերուն վեցհատորեակը, սակայն յաջողած է հրատարակել միայն առաջինը, Գահիրէ, 1953 թուականին: Աբեղեանի թարգմանութիւններուն երկրորդ հատորը լոյս տեսաւ առաջինէն քառասուն տարի ետք եւ կ՚ընդգրկէ Կէօթէի թատրերգութիւնները:

Կէօթէի շատ մը գործեր հայերէնի թարգմանուած են 19-րդ դարուն: Թարգմանական աւանդներով հարուստ հայ գրականութիւնը իրաւամբ կրնայ հպարտանալ «Ֆաուստ»ի տասնեակը անցնող թարգմանութիւններով:

Ինք, մեծ գերմանացին, մեծապէս կը գնահատէր թարգմանչական աշխատանքը, եւ լաւ թագմանութիւնը համարժէք կը համարէր բնագրին, մինչ Յովհաննէս Թումանեան արտայայտուած է թարգմանական արուեստի դժուարութիւններուն եւ պատասխանատուութեան այն զգացումին մասին, զոր պէտք է ունենայ իւրաքանչիւր լաւ թարգմանիչ։ Յայտնի է նաեւ Թումանեանին պահանջկոտութիւնը ինքն իր հանդէպ, երբ կը թարգմանէր Փուշքինի «Ջրահեղձ»ը եւ «Ձմրան Իրիկունը», Լերմոնթովի «Մծիրին», Պայրընի «Չայլտ Հարոլտի երգը», Կէօթէի «Վարդը», Կրիմ եղբայրներուն հեքիաթները եւ այլն։ Ան միշտ ակնածանքով կը խօսէր թարգմանական արուեստի մասին, թէեւ, կ՚ըսէր նաեւ, որ թարգմանութեան ընթացքին իւրաքանչիւր ստեղծագործութիւն կը կորսնցնէ իր հմայքին զգալի մասը։

«Թարգմանութիւնը, ապակիի տակ դրուած վարդ է եւ գրեթէ անկարելի է, որ թարգմանիչը տայ բնագրին հարազատ բոյրն ու հրապոյրը», ըսած է Թումանեան:

Ըստ Յովհաննէս Թումանեանի, հայ գրականութիւնը, ինչպէս եւ միւս ժողովուրդներուն գրականութիւնները, չի կրնար ծաղկիլ եւ փարթամանալ առանց համաշխարհային բարձր գրականութեան բարերար ազդեցութեան:

Իր ստեղծագործութեան մէջ Կէօթէ անդրադարձած է նաեւ Արարատին եւ հայերուն։

Յովհաննէս Թումանեանի թարգմանութեամբ յայտնի է Կէօթէի «Վարդը», զոր թարգմանած է նաեւ բանաստեղծ Յովհաննէս Յովհաննիսեան՝ «Դաշտի վարդը» վերնագիրով:

Հետաքրքրական փաստ է, որ Կէօթէի «Անտառի արքան» գեղօնին առաջին հայերէնի թարգմանութիւնը դեռ իր ողջութեան, կատարած է Խաչատուր Աբովեան, երբ դեռ ուսանող էր Թորպատի համալսարանին մէջ:

Արտասովոր է Կէօթէի «Կոփտական երգ»ին ճակատագիրը: 1787-ին, դէպի Իտալիա կատարած իր ճամբորդութեան միջոցին, Կէօթէ կը ծանօթանայ արկածախնդրութիւններուն իտալացի ալքիմիկոս եւ ոսկի խարդախող Ճուզեփփէ Պալզամոյի, որուն այդ շրջանին Հռոմի պապը բանտ նետեց։ Հին եգիպտական ղպտի քուրմի իմաստութիւն ունեցող գերմանացի մեծ բանաստեղծը իր պատանի ժամանակակիցին կը սորվեցնէ մարդ դառնալու եւ կեանքի դաժան պայմանները դիմակայելու դժուարին արուեստը։ Բանտը Կէօթէ կը նմանցնէ երկրին, իսկ մուրճը՝ երկրի տիրակալին:

Յետագային Կէօթէի այս պզտլիկ բանաստեղծութիւնը պիտի հնչէր ֆաշիստական բանտերուն մէջ, իսկ «մուրճ եւ զնդան, բանտ» խորհրդանիշները պիտի դրոշմուէին արեւելեան Գերմանիոյ պետական դրօշին։

Այդ բանաստեղծութիւնը առաջին նկատողներէն եղած է Աւետիք Իսահակեան, որուն ձեռագրերուն մէջ պահպանուած է իր իսկ ձեռքով ընդօրինակուած քերթուածը եւ կը վկայէ Կէօթէի գործերուն հանդէպ անոր հետաքրքրութեան մասին:

Կէօթէի սիրային քերթողութեան գուցէ բարձրակէտը պէտք է համարել «Էլեկիա» բանաստեղծութիւնը, որ 74-ամեայ գրողին խոստովանանքն է, 19-ամեայ Ուլրիքէ ֆոն Լեւեցովին հանդէպ ունեցած բուռն զգացմունքին պոռթկումը։ 17-ամեայ Ուլրիքէ ֆոն Լեւեցովին 72-ամեայ Կէօթէ առաջին անգամ ծանօթացաւ 1821-ի ամրան, Պոհեմիոյ հանքային ջուրերու ամարանոցին մէջ, ուր աղջիկը հանգստանալու գացած էր մօրը հետ:

Անոնց հանդիպումները կրկնուեցան 1822 թուականի յուլիսին, նոյն վայրին մէջ։ Այդ հանդիպումներուն արձագանգն է «Էոլեան տաւիղ» բանաստեղծութիւնը, որ, ըստ գրողին, Ուլրիքէէն բաժնուելու մասին է։

Երրորդ անգամ 74-ամեայ բանաստեղծը 19-ամեայ Ուլրիքէին հանդիպեցաւ 1823 օգոստոսին: Այդ ոչ-սովորական սէրը հասաւ գագաթնակէտի եւ ունեցաւ նոյնքան ցնցող հանգուցալուծում։

Կէօթէի սիրային ու գրական կեանքը եղած են մշտական միասնութեան մէջ...: Ան հատորներ կը գրէր իր ռոմանթիք զգացումներուն մասին... իսկ ժամանակակիցները զայն անուանած են «գերմանական Շէյքսփիր»:

«Իմ բոլոր ստեղծագործութիւններս միայն բեկորներ են կեանքիս մեծ խոստովանութենէն», առիթով մը ըսած է հանճարեղ գրողը:

Մասնագիտութեամբ բանաստեղծ, փաստաբան, թատրոնի տնօրէն, բուսաբան, քաղաքական գործիչ, նկարիչ, փիլիսոփայ, աստուածաբան, իրաւաբան, արուեստի քննադատ, երաժշտական քննադատ, գրադարանավար, գրող ճանապարհորդ, ֆիզիքոս, գրականագէտ, վիպասան, ինքնակենսագիր, դիւանագէտ, պետական գործիչ, խորագէտ, ասացուածքներու հեղինակ, օրագրի հեղինակ, հանքաբան, կենդանաբան Կէօթէ մահացած է 22 մարտ 1832 թուականին։

Ուրբաթ, Օգոստոս 28, 2020