ԱՇԽՈՒԺԱՑՄԱՆ ՍՊԱՍՈՒՄ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ՝ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարարները անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման՝ ընդգծելով բացառապէս խաղաղ լուծումը ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափին մէջ։ Մնացականեան Նիւ Եորքի մէջ տեսակցեցաւ նաեւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց պետական քարտուղար Ժան-Պաթիստ Լըմուանի հետ։ Այսպէսով Մնացականեան Նիւ Եորքի մէջ հանդիպած եղաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի եռանախագահ երկիրներէ երկուքի բարձրաստիճան ներկայացուցիչներուն հետ։ Ծանօթ է, որ ան նախընթաց օր Նիւ Եորքի մէջ տեսակցած էր նաեւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի հետ։ Մինսքեան խմբակի համանախագահները վերջին օրերուն Նիւ Եորքի մէջ թէ՛ Մնացականեանի եւ թէ Մամէտեարովի հետ ունեցան առանձին հանդիպումներ։ Անոնք նաեւ տեսակցեցան ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին, ՄԱԿ-ի քաղաքական հարցերով փոխ-ընդհանուր քարտուղարին եւ Իտալիոյ կառավարութեան ԵԱՀԿ-ի ներկայացուցիչին հետ։ Այս շփումներու լոյսին տակ միջնորդները տեղեկացուցին, որ ամբողջական կարգաւորումը զիջումներ պիտի պահանջէ բոլոր կողմերէն։ Միջնորդները կը ծրագրեն մօտաւոր ապագային այցելել հակամարտութեան տարածքաշրջան եւ աւելի վերջ կը ծրագրեն բանակցութիւններու ընթացքին շուրջ տեղեկութիւններ փոխանցել ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակին եւ ԵԱՀԿ-ի Մշտական խորհուրդին։ Միջնորդները տեղեկացուցին նաեւ, որ Զօհրապ Մնացականեան եւ Էլմար Մամէտեարով համաձայնած են՝ մինչեւ տարեվերջ անգամ մը եւս հանդիպելու համար։

Միւս կողմէ, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ այցելեց Պաքու, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ռուս ղեկավարը յայտնեց, որ երկու երկիրները հեռանկարային նախագիծեր պիտի իրականացնեն Կասպեան տարածքաշրջանէն ներս։

Հարկ է նշել, որ յառաջիկային կ՚ակնկալուի Փութինի այցելութիւնը դէպի Երեւան։ 

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 28, 2018