ՀՈՎԻՒԻ ՈԴԻՍԱԿԱՆԸ

«Անպայման նորէն Հայաստան պիտի երթամ»։ Այսպէս յայտնեց մեզի Թուրքիա-Հայաստան սահմանը խախտած հովիւ Ումութ Ալի Էօզմէն։ Իր ոդիսականը վերջին օրերուն լայն արձագանգ ստեղծեց։ Ումութ Ալի Էօզմէն եւ իր հայրը՝ Մուսթաֆա Էօզմէն Թուրքիա վերադառնալէ առաջ Երեւանի մէջ պատասխանեցին մեր հարցումներուն։ Վստահօրէն Ումութ Ալի Էօզմէն շատ աւելի լաւ պիտի զգար, եթէ կարելիութիւն ունենար ցամաքի ճանապարհով՝ ոտքով վերադառնալ իր երկիրը։ Արդարեւ, ան Թուրքիայէն ուղղակի Հայաստան անցած էր, սակայն Հայաստանէն Թուրքիա վերադարձաւ Վրաստանի վրայով։

Ումութ Ալի Էօզմէնի պատմութիւնը սկիզբ կ՚առնէր երկու ամիսներ առաջ, երբ իր հօր վկայութեամբ հետաքրքրասէր պատանին կը հատէր հայկական սահմանագիծը եւ կը ձերբակալուէր հայկական իրաւապահ ուժերուն կողմէ։

Ի դէպ, այս ամրան ընթացքին Ումութի ձերբակալման դէպքը առաջինը չէ, իրմէ առաջ Հայաստանի իրաւապահ մարմինները ձերբակալած էին տասնեակ օտարականներ, որոնց մեծ մասը նպատակ ունէր Հայաստանի վրայով այլ երկիրներ հասնիլ եւ ստանալ փախստականի կարգավիճակ։

Ումութ Ալի Էօզմէնի պատմութիւնը սակայն այլ էր։ Կարս ծնած մեծցած 16-ամեայ պատանին ինքնիրեն միշտ ալ հարցուցած էր, ի՞նչ կայ այս սահմանէն անդին ու վերջինիս հետաքրքրասիրութիւնը կը մղէր զինք, որ հատէ Թուրքիա-Հայաստան սահմանը եւ մուտք գործէ հայկական տարածք։

Խնդիրը այն էր, որ Ումութ Ալին կու գար Թուրքիայէն ու այդ մէկը հարցին շուրջ կը ստեղծէր յաւելեալ հետաքրքրութիւն։

Ումութ Ալի Էօզմէնի հետ խօսած ատենս պարզ կը դառնար, որ ան ենթակայ չէ եղած ֆիզիքական որեւէ ձեւի բռնութեան։ Աւելի՛ն, ինքզինք լաւ զգացած է յատկապէս, երբ ձերբակալութենէն տասնհինգ օրեր ետք եւ այս անգամ «Ինթերփոլ»ին կողմէ կատարուած հաստատումով՝ պարզ կը դառնար, որ Ումութ Ալին քրէական անցեալ չունի եւ սահմանախախտումը տեղի ունեցած է պարազպէս սխալի եւ միամտութեան արդիւնքով։

Խօսելով այս անգամ հայկական սահմանի միւս կողմին մասին, այսինքն՝ աչքի առջեւ ունենալով Ումութ Ալի Էօզմէնի ընտանեկան պարագաներու վիճակը, ապա յստակ էր, որ անոր հայրը՝ Մուսթաֆա Էօզմէնն ու իր ընտանիքի միւս անդամները տագնապ մը ապրած էին։

Այդ բոլորը երեւելի կը դառնային հայր Մուսթաֆայի աչքերուն մէջ, երբ ան որդի կորսնցուցած ու ապա վերագտած մարդու մը շեշտադրումով կ՚արտայայտուէր։

Մուսթաֆա Էօզմէն աւելի տարողունակ դարձնելով իր խօսքը՝ այս անգամ լոյսին կը բերէր հայ-թրքական խնդիրները, նկատել տալով, որ իրենք Կարսի մէջ զանազան առիթներով լսած են հայերու մասին։ Ան մասնաւորապէս կ՚ըսէր. «Երեխայ օրերուս զանազան անգամներով լսած եմ հայերուն մասին։ Հայերը մեզի հետ ապրած են, սակայն աւելի վերջ այդ խօսակցութիւնները դադրեցան ու մեզի համար Հայասատանը նոր իմաստ ստացաւ, երբ որդիս հատեց սահմանը։ Սկիզբը վախ մը ապրեցանք, բայց յետոյ մտածեցի, որ այդտեղ ալ դատական մարմիններ կան, հոն ալ պատասխանատու մարդիկ կան, եւ ինչո՛ւ վախնամ, երբ գիտեմ, որ զաւակս մեղք մը չէ գործած...»

Այս պատութեան մէջ ամենահետաքրքրական մասը կը վերաբերէր հայ-թրքական փակ սահմանի մասին հայր Մուսթաֆայի կատարած դիտարկումը՝ «Երանի այս պատմութիւնը լաւ նպատակի մը ծառայէ, բացուին փակ սահմանները եւ հաշտուին երկու երկիրները։ Վստահ եմ, որ երկու ժողովուրդներուն միջեւ ոչ մէկ հարց կայ, եղածը քաղաքական հաշուարկներ են...»։ Ան այս խօսքերով կ՚արտայայտուէր՝ հեղ մը աչքերուս, անգամ մըն ալ մեր կողքին նստած հայ պատասխանատուին աչքերուն նայելով։

Այս բոլորէն անդին հետաքրքրական կը դառնար, որ Ումութ Ալի Էօզմէն լիսէն աւարտելէ ետք նպատակ ունի Երեւան գալ եւ ուսումնառութիւնը Հայաստանի մէջ շարունակել։

Հայր եւ որդի Էօզմէնները յատուկ երանգներով կը խօսէին Երեւանի մասին։

«Ինծի համար սիրելի տեղ դարձաւ Երեւանը», կ՚ըսէր Ալի Էօզմէն, նկատել տալով, որ անպայման ետ պիտի գայ եւ աւելի մանրամասն պիտի ծանօթանայ մեր մայրաքաղաքին։

«Ես վախ մը չունիմ։ Աւելին ըսեմ, ոչ մէկ պահ զգացած եմ, որ Հայաստանի մէջ թուրքերը կ՚ատեն։ Հոս թուրքերուն հանդէպ ատելութիւն չկայ ու երբ մեր երկիրը դառնամ, բոլորին պիտի ըսեմ, որ Հայաստանի մէջ մեզ չեն ատեր...», կ՚ըսէ ան։

Սեղմ տողերու մէջ այս էր Էօզմէններու պատմութիւնը, որ կարեւոր առիթ մը կը դառնար ցոյց տալու համար Հայաստանի պատկան մարմիններու մարդկային վերաբերմունքը հանդէպ պատանի հովիւի մը, որ սխալմամբ կամ գուցէ հետաքրքրասիրութեամբ հատած է Թուրքիա-Հայաստան փակ սահմանը, նոր յոյս մը բերելով երկու հարեւան երկիրներու միջեւ կապ մը, մարդկային նոր էջ մը բանալու հնարաւորութեանց։

«Մեր ժողովուրդները խնդիր չունին, անոնք երկար տարիներ միասին ապրած են», կ՚ըսէր Մուսթաֆա Էօզմէն… Արդեօք անոր խօսքը արձագանգներ պիտի ունենա՞յ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 28, 2018