ՔԱԹԱԼՈՆԻԱ ՀՌՉԱԿԵՑ ՄԻԱԿՈՂՄԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆ. ԵՒՐՈՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻ ՍՊԱՆԻՈՅ ՃԳՆԱԺԱՄԻՆ

Սպանիոյ իրադարձութիւնները ներկայիս կը բնորոշեն Եւրոպայի օրակարգը։ Միջոց մը առաջ տեղի ունեցած հանրաքուէի հիման վրայ Քաթալոնիա երէկ հռչակեց միակողմանի անկախութիւն։ Այսպէսով Սպանիոյ մէջ նոր հարթութիւն մը թեւակոխեց պառակտման տագնապը։ Պարսելոնայի մէջ տեղի ունեցաւ միակողմանի անկախութիւն հռչակելու վերաբերեալ քուէարկութիւնը։ Սպանիոյ միութեան կողմնակից պատգամաւորները պարզեցին Սպանիոյ եւ Քաթալոնիայի դրօշակներ եւ գաղտնի քուէարկութենէն առաջ լքեցին ժողովասրահը։

Մատրիտի ղեկավարութիւնն ալ վճռական քայլով մը փոխադարձեց Քաթալոնիայի մէջ առնուած որոշման։ Այսպէս, Սպանիոյ Ծերակոյտը կառավարութիւնը լիազօրեց՝ Քաթալոնիայի ինքնավար ղեկավարութիւնը լուծարելու իշխանութեամբ։ Այդ հիման վրայ Սպանիոյ Նախարարաց խորհուրդը լուծարեց Քաթալոնիայի տեղական կառավարութիւնը եւ որոշեց կանխահաս ընտրութեան ձեռնարկել։ Սպանիոյ Վարչապետ Ռախոյ յայտնեց, որ կանխահաս ընտրութիւնը նախատեսուած է 21 Դեկտեմբերին։ Ան ժողովուրդին կոչ ուղղեց, որպէսզի պահպանուի պաղարիւնութիւնն ու վերապահութիւնը։

Եւրոմիութիւնը այս փուլին անվերապահօրէն կ՚աջակցի Սպանիոյ։ ԵՄ-ի խորհուրդի նախագահ Տանըլտ Թուսք յայտնեց, որ Եւրոմիութեան տեսանկիւնէն փոխուած ոչինչ կայ, Սպանիա կը շարունակէ մնալ՝ որպէս իրենց միակ երկխօսը։ Եւրոխորհրդարանի նախագահ Անթոնիօ Թաճանին ալ Քաթալոնիայի խորհրդարանին որոշումը որակեց իրաւունքի դէմ ոտնձգութիւն։ Իր կարգին, Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ժան Քլոտ Եունքէրն ալ յայտնեց, որ ԵՄ-է ներս կրնան նոր պառակտումներ յառաջանալ, սակայն ինք չի փափաքիր ապագային 95 անդամով Եւրոմիութիւն մը տեսնել։

Փարիզի, Լոնտոնի եւ Պերլինի նման Եւրոպայի յառաջատար մայրաքաղաքներէն ալ ձայներ բարձրացան ի նպաստ Մատրիտի ղեկավարութեան։ Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ տեղեկացուց, որ Քաթալոնիա մաս կը կազմէ Սպանիոյ։

Անգարայի իշխանութիւններն ալ արձագանգեցին Սպանիոյ իրադարձութիւններուն։ Թուրքիա տեղեկացուց, որ Քաթալոնիայի քայլը չի համարուիր ճիշդ եւ օրինական։  

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 28, 2017