ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ՝ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔՀՆՅ. ՇՄԱՒՈՆԵԱՆԻ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆԻՆ

Հայ մամուլի 225-ամեայ յոբելեանին առիթով խումբ մը լրագրողներ եւ ուսանողներ ծաղիկներ զետեղեցին հայերէն առաջին պարբերականի՝ «Ազդարար»ի հիմնադիր Յարութիւն Շմաւոնեանի յուշարձանին առջեւ:

Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին «Ազդարար» հանդէսի վերահիմնադիր Մարտիկ Սարգսեան ըսաւ, որ այսօր «Ազդարար»ի հիմնական սկզբունքը հայապահպանութիւնն է եւ սփիւռքի կեանքի լուսաբանումը:

«Վերահիմնադրուելէն ետք «Ազդարար»ը կը հրատարակուէր Կալկաթայի մէջ: Տպագրուած է հայերէն, անգլերէն, սպաներէն ու արաբերէն լեզուներով: Այժմ հանդէսը լոյս կը տեսնէ Հայաստանի մէջ: Հակառակ անոր որ մամուլին մէջ այսօր յեղափոխութիւն է, մենք կը շարունակենք պահպանել այն աւանդոյթները, որոնք ունի հայ մամուլը: Մամուլը անկոտրում է եւ միշտ կը ծառայէ հասարակութեան», նշեց Մարտիկ  Սարգսեան:

Պատկերասփիւռի լրագրող, բանասիրական գիտութիւններու տոքթոր Սերկէյ Երիցեանի համաձայն, հայ մամուլի հիմքը, զոր դրած է Յարութիւն Քհնյ. Շմաւոնեան՝ որպէս «Ազդարար»ի խմբագիր, բազմաթիւ սկզբունքներով կը պահպանուի մինչ օրս:

Ան շեշտեց, որ «Ազդարար»ը ազգային-ազատագրական գաղափարներ տարածող հանդէս է, նաեւ միտուած է գրականութեան, արուեստի լուսաբանման:

«Այսօր մենք ոչ միայն ետեւ, այլ նաեւ յառաջ պէտք է նայինք: Պէտք է կարողանանք մէկ կողմէ գնահատել մեր մամուլի անցած ճանապարհը, միւս կողմէ նախանշել, թէ ինչ զարգացումներ կը տեսնենք լրատուամիջոցներու ապագային համար: Մեր օրերուն երեւան եկած է նոր արհեստագիտութեամբ հարուստ մամուլը, բայց անհրաժեշտ է պահպանել աւանդական մամուլի հիմունքները», ընդգծեց Երիցեան:

Յարութիւն Շմաւոնեանի քանդակի հեղինակ քանդակագործ, Հայաստանի ժողովրդական նկարիչ Լեւոն Թոքմաճեան պատմեց, որ երբ աշխատած է արձանին վրայ, ձեռքին տակ Շմաւոնեանի ընդամէնը մէկ լուսանկար կար: «Լուսանկարին մէջ եկեղեցական մարդու կերպար էր: Ուսումնասիրելով Շմաւոնեանի կեանքն ու գործունէութիւնը՝ փափաքեցայ կերտել ընտանիք կորսնցուցած մարդը, որ իր նպատակը դարձուց համայն հայութեան արուեստի, մշակոյթի մասին տեղեկութիւններ հաղորդելը, կերտել խորհրդաւոր, քիչ մը տարօրինակ կերպարով», յայտնեց Թոքմաճեան:

Իսկ Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Հայ մամուլի օրուան առիթով: Անոր մէջ նշուած է. «Խօսքի եւ լրագրողական գործունէութեան ազատութիւնը երկրի ժողովրդավարական զարգացման հիմնարար բաղադրիչներէն մէկն է: Դուք անգնահատելի աշխատանք կը կատարէք հասարակութեան՝ տեղեկատուութիւն ստանալու իրաւունքը երաշխաւորելու եւ այլակարծութիւնը խթանելու առումով: Գլխաւորապէս ձեր աշխատանքին շնորհիւ է, որ քաղաքացին պատկերացում կը կազմէ հանրային մարմիններու եւ այդ մարմինները ներկայացնող պաշտօնատար անձերու աշխատանքին մասին: Այս ձեւով կ՚երաշխաւորուի քաղաքացիական վերահսկողութիւնը պետութեան նկատմամբ:

«Ձեր աշխատանքին անխոչընդոտ իրականացման համար համակարգային առումով երկրին մէջ պէտք է ձեւաւորուի այնպիսի մթնոլորտ, որ լրագրողը զգայ, թէ պետութեան կողմէ պաշտպանուած է իր մասնագիտական աշխատանքին հետ կապ ունեցող հաւանական որեւէ ոտնձգութիւն: Միեւնոյն ժամանակ, խօսքի ազատութեան իրաւունքի օգտագործումը կ՚ենթադրէ նաեւ պատասխանատու լրագրութիւն: Լրատուական գործունէութեան տեսանկիւնէ պարտականութիւն է մասնագիտական բարձր արհեստավարժ եւ բարեխիղճ աշխատանքը՝ լրագրութեան հանրայայտ սկզբունքներու պահպանումով: Թող որ «մի՛ վնասեր» հիմնարար սկզբունքը ձեր աշխատանքին մէջ մնայուն եւ առաջնային ըլլայ, որովհետեւ դուք կ՚իրականացնէք հանրային կարեւոր գործառոյթ՝ նպաստելով ժողովրդավարութեան զարգացման»:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 28, 2019