«ՄԵԾԱՊԱՏԻՒ ՄՈՒՐԱՑԿԱՆՆԵՐԸ» ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ԼՈՒԾՈՒՄՆԵՐՈՎ

Յակոբ Պարոնեանի «Մեծապատիւ մուրացկանները» նորովի, աշխոյժ, պարային ու անսպասելի մեկնաբանութեամբ կը ներկայացուի թատերասէրներուն:

Բեմադրութեան առաջնախաղերը տեղի կ՚ունենան Նոյեմբերի 28-29 թուականին Գաբրիէլ Սունդուկեանի անուան ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ:

«Արմէնփրէս»ի թղթակիցը ներկայ եղած է բեմադրութեան փորձին՝ ներկայացման եւ առհասարակ թատրոնի մասին զրուցելով վարկածի եւ  բեմադրութեան հեղինակ Արմէն Էլպակեանի, գլխաւոր դերակատարներ Ալպերթ Սաֆարեանի, Յարութիւն Մովսիսեանի, Աննա Էլպակեանի հետ:

«Յակոբ Պարոնեանը դասական է այն պատճառով, որ խնդիրները, որոնք ան իր ստեղծագործութիւններով բարձրաձայնած է 19-րդ դարուն, մինչ օրս արդիական են: Ներ-կայացման այս վարկածին մէջ օգտագործուած են նաեւ հատուածներ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան վնասները» եւ այլ գործերէն: Սա անոր երկերու բեմական տարբերակն է, որու առանցքին «Մեծապատիւ մուրացկանները» մենագրական վէպի նիթը կայ:

«Մարդիկ, որոնք ուշադիր չեն կարդացած այս գործը, կարդացած, բայց շատ բան մոռցած են, անուշադիր եղած են, յիշեցնեմ, որ այս ստեղծագործութեան առաջին տողերուն մէջ կ՚ըսուի, որ երգիծաբան Յակոբ Պարոնեան կը փորձէ ընթերցողին փոխանցել այն, որուն մեծապատիւ մուրացկանները ժամանակ չունին, ժամանակէ դուրս են: Կրնան ըլլալ թէ՛ երէկ, թէ՛ այսօր, թէ՛ վաղը, քանի որ մարդը յաւիտեանս յավւտենից միշտ նոյնն է, իսկ իր բարոյական չափանիշները յաւիտեանս յաւիտենից անփոփոխ են», նշեց Արմէն Էլպակեան:

Ան կը կարծէ, որ իւրաքանչիւր ժամանակ ունի իր կշռոյթը, նիւթը, այդ շրջանի կընճ-ռոտ խնդիրները, եւ կարեւոր է հարազատ մնալ հեղինակին, միեւնոյն ժամանակ արտայայտել այն բացերն ու հոգերը, կատակները, որոնք այսօր աւելի ճանաչելի են, քանի որ մեր օրերուն իւրաքանչիւր ստեղծագործութիւն, թատրերգութիւն ընդամէնը բեմադրութեան առիթ է:

Ըստ բեմադրիչին՝ ժամանակը արագ կը կ՚ընթանայ. ան կը ստիպէ պահպանել ժամանակի զարկերակը, ժամանակի շունչը բերել ու փորձել շփման մէջ մտնել հանդիսատեսի հետ: «Եթէ կը փափաքիս որեւէ բանի հասնիլ, պիտի ըլլաս ճիշդ թարգմանը քու ժամանակի: Այս մէկը իմ կերպն է, թատրոնի մասին իմ մտածելու ճանապարհն է. գուցէ շատերու այս ձեւը հաճելի չի գար, կամ շատեր այդ մտքի հետ համաձայն չեն: Կը ձգտիմ այս թատրոնին մէջ դնել այն գեղագիտական հիմքերը, ինչ որ ես կը պատկերացնեմ, ինչ որ ժառանգած եմ իմ ուսուցիչներէն, այն սունդուկեանցներէն, որոնց հետ ժամանակին խաղացած եմ, փորձած եմ վերադարձնել թատրոնը, որովհետեւ թատրոնէն հանելով թատրոնը՝ մենք կը կորցսնցենք թատրոնը, այսինքն՝ թատերանութիւնը: Այդ մէկը երբեք մէկ անգամէն չ՚ըլլար, ատիկա երկարատեւ, ամէնօրեայ ծանր աշխատանք է», ընդգծեց Էլպակեան եւ յաւելեց՝ երբեմն այն, ինչ որ կը տեսնէ աչքը, շատ աւելի կարեւոր է, քան խօսքը, մարմինը երբեմն աւելի արտայայտիչ է, քան խօսքը: Ինչպէս կեանքը, որ գործողութեան մէջ է, այդպէս ալ թատրոնը գործողութեան մէջ է: Գործողութիւնը, որ տեղի կ՚ունենայ բեմին վրայ, պէտք է համապատասխանէ իր ժամանակին, պէտք է համարձակ ըլլայ:

Աբիսողոմ աղան մարմնաւորած դերասան Ալպերթ Սաֆարեան նախ շնորհաւորեց բեմադրիչը, բեմայարդարը՝ անոնց եւ իրեն՝ գլխաւոր դերակատարը, համարելով ներկայացման համահեղինակներ: «Նորովի, ժամանակի պահանջներուն համապատասխան մատուցելով Յակոբ Պարոնեանի հրաշալի ստեղծագործութիւնը՝ մենք անոր գործի համահեղինակները կը դառնանք», ըսաւ ան:

Ըստ Սաֆարեանի՝ «Մեծապատիւ մուրացկանները» բաւականին հետաքրքրական է, արդիական, վառ ու լուսաւոր: Արմէն Էլպակեան բոլոր ժամանակներու մէջ առկայ խնդիրները արծարծելու գեղեցիկ, ժամանակակից լուծումներ առաջարկած է: Ան օգտագործած է հատուածներ Պարոնեանի այլ ստեղծագործութիւններէն, որոնք տիպիկ են ու տեղին: Ցաւօք, այսօր մենք կորսնցուցած ենք գրագէտ թատերասէրը: Կայ հանդիսատեսի ստուար հատուած մը, որ կը փափաքի  բեմին վրայ շոու տեսնել: Զանոնք հետա-քըրքրելու համար այս ներկայացման մէջ նաեւ շոուի տարրեր օգտագործած ենք: Կը կարծեմ՝ իւրաքանչիւր հեղինակ կրնայ արդիական ըլլալ, եթէ բեմադրիչը, դերասանը նոր շունչ կը բերեն, կը հնչեցնեն միտքեր, որոնք ընկալելի են», շեշտեց գլխաւոր դերակատարը:

Ալպերթ Սաֆարեան խոստովանեցաւ, որ կը սիրէ նորովի մատուցել իր մարմնաւորած բոլոր կերպարները, իսկ Աբիսողոմ աղան հաւաքական կերպար է: «Փորձած եմ ընդ-գըծւած ներկայացնել այդ միամիտ մարդու ողբերգութիւնը, մարդու, որ չի կրնար համակերպիլ քաղաքին, միջավայրին, որոնք կը ճնշեն իրեն։

«Աբիսողոմ աղան ագարակատէր է. ան Տրապիզոնէն եկած է Պոլիս ամուսնանալու նպատակով, սակայն մեծապատիւ մուրացկանները կը փափաքին շեղել ու խաբել զայն: Չնայած՝ զայն կը գայթակղէ փառքը, Աբիսողոմը կը հասկանայ, որ բոլորը զինք կը խաբեն, կ՚ուզեն թալանել»։

Դերասանը շեշտեց, որ թէ՛ շարժապատկերին, թէ՛ թատրոնին մէջ խաղալու ժամանակ նպատակ մը կը հետապնդէ. չկրկնուիլ: Ալպերթ Սաֆարեան զանազան կերպարներ մարմնաւորած է՝ թագաւոր, սիրահար, իշխան եւ այլն: Աբիսողոմը կը հակադրուի անոնց: «Ինծի համար յատկապէս կարեւոր է հնարաւորինս համոզիչ ըլլալ: Կը կրկնեմ՝ կ՚ընեմ ամէն բան, թատերասէրները հաճելիօրէն «խաբելու». չէ՞ որ անոնք այդ բանին համար կու գան թատրոն», եզրափակեց դերասանը:

Դերասան Յարութիւն Մովսիսեան, որ կը մարմնաւորէ Մանուկ աղան, ընդգծեց, որ Յակոբ Պարոնեան հայ ժողովուրդի մեծագոյն երգիծաբանն է: «Երգիծանքը կը ներկայացնէ մարդու ոգիի, միտքի, դատողութեան խարխլուածութիւնը։ Պարոնեանի այս գործը եւ, հետեւաբար, այս բեմադրութիւնը կը փաստեն, որ բոլոր հասարակարգերու մէջ եղած են թերութիւններ, սարկազմ, սատիրա: Ներկայացման միջոցով կը խօսինք խնդիրներու մասին, ինչ որ կը փափաքէինք, որ չըլլային», շեշտեց դերասանը:

Անդրադառնալով իր կերպարին՝ Մովսիսեան ըսաւ, որ Մանուկը կը ձգտի ունենալ պաշտօն, դիրք հասարակութեան մէջ, հարստութիւն, ան անդադար կը խօսի փողի մասին: Փառք կը ցանկան բոլորը, նոյնիսկ Աբիսողոմ աղան:

«Այս ողջ խառնաշփոթը դիտելով՝ որոշ մարդիկ դէպի մարդկային ոգիի, միտքի անարատութիւն տանող ելքեր կը փնտռեն: Այսինքն այն մեծ առաքինութիւնը, զոր մարդ պէտք է իր ուսերուն կրէ եւ կարողանայ ապրիլ՝ բարեգործութիւնները, հաւատը, Աստուծոյ առջեւ խոնարհութիւնը, հայրենիքի հանդէպ պատասխանատուութիւնն ու հերոսական կեցուածքը: Ըստ իս՝ մենք՝ ազգովին պէտք է կարողանանք ճիշդ որոշումներ կայացնել եւ անել ամէն ինչ արդէն կայացած պետութիւններուն նմանելու համար: Անոնք ալ անցած են այս փուլերէն», ընդգծեց Յարութիւն Մովսիսեան:

Մանուկ աղայի կնոջ՝ Շողակաթի դերը այս բեմադրութեան մէջ մարմնաւորած է դերասանուհի Աննա Էլպակեան։ Անոր խօսքով՝ Շողակաթը բաւականին հասուն կին մըն է, ունի սուր բնաւորութիւն: Դերասանուհին շեշտեց, որ մինչ օրս իր մարմնաւորած հերոսուհիները ունեցած են որոշ կողմեր, որոնք յատուկ են իրեն, իսկ Շողակաթը իրեն հետ ոչ մէկ կապ ունի: Աննա Էլպակեան ըսաւ, որ անկեղծօրէն կը հաւնի «Մեծապատիւ մուրացկանները»ին նոր ներկայացումը:

«Նախկինին ներգրաւուած եմ տարբեր երաժշտական բեմադրութիւններու մէջ՝ լի երգ ու պարով: Սա շարժուն ու աշխոյժ գործ է: Այս բեմադրութեան մէջ ներգրաւուած բոլոր դերասանները բաւարարուած են: Անոնք կը ցուցադրեն դերասանական լաւագոյն խաղարկութիւն: Այստեղ Սունդուկեանի նախկին թատրոնի մասին լաւ յիշողութիւնները կը վերադառնան, ներկապնակը հարուստ է վառ գոյներով, դերասանները շատ են ու նոյնիսկ փոքր դրուագներու մէջ ներգը-րաւուած ստեղծագործողները կը հարստացնեն բեմադրութիւնը» նշեց Աննա Էլպակեան:

Ներկայացման բեմադրիչն է Գարեգին Էւանկուլեան, իսկ զգեստները պատրաստողը՝ Կարինէ Աթանեան: Պարուսոյցն է Լիանա Յակոբեան: Բեմադրութեան մէջ կը հնչէ Ստեփան Լուսիկեանի երաժշտութիւնը, գործիքաւորումը կատարած է Լեւոն Խաչատրեան:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 28, 2017