ՀԱՐԵՒԱՆԱԿԱՆ ԿԱՊԵՐ

Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆ այսօր կ՚այցելէ Երեւան՝ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հրաւէրով։ Այս առաւօտ Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ երկու նախարարներուն հանդիպումը։ Անոնք կը վարեն բանակցութիւններ, որոնց աւարտին հանդէս կու գան համատեղ մամլոյ ասուլիսով մը։ Եդուարդ Նալպանտեան եւ Ճեւատ Զարիֆ կը մասնակցին նաեւ Հայաստան-Իրան գործարար ֆորումի բացման արարողութեան։

Հիւր նախարարը օրուան տեւողութեան հանդիպումներ կ՚ունենայ նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի հետ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 28, 2017