ՀՐԱԺԵՇՏԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ փոխ-վարչապետ Հաքան Չավուշօղլուի հետ։ Չավուշօղլու, որ պատասխանատու է վաքըֆներու գծով, Թորոս Ալճանը հիւրընկալեց ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, Ալճան իր պաշտօնավարութեան ժամկէտի վերջին մէկ ամսուան մէջ կը գտնուի, ուստի սոյն այցելութիւնը միեւնոյն ժամանակ ունէր հրաժեշտի բնոյթ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 28, 2017