ՇՔԵՂ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան կը շարունակէ իր այցելութիւնը դէպի Լոս Անճելըս։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս նորին սրբազնութիւնը միշտ կ՚արժանանայ ջերմ վերաբերմունքի։ Երէկ, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Պըրպենքի առաջնորդարանին մէջ մասնակցեցաւ յատկանշական հաւաքոյթի մը։ Այսպէս, Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան շքեղ ընդունելութիւնով մը պատուեց Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի նորանշանակ ընդհանուր հիւպատոս Արմէն Պայպուրթեանը։ Հարկ է նշել, որ Արմէն Պայպուրթեան նախապէս ալ որոշ ժամանակ մը եղած է Հայաստանի աւագ հիւպատոսը Լոս Անճելըսի մօտ։ Ուրեմն, երէկուան այս յատկանշական ընդունելութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան՝ քանի որ իր ուղեւորութեան շրջանը կը զուգադիպէր այս հաւաքոյթին։ Ստորեւ կը ներկայացնենք ԺԱՄԱՆԱԿ-ի աշխատակից Ալեքս Սրկ. Գալայճեանի այս կապակցութեամբ Լոս Անճելըսէն ուղարկած թղթակցութիւնը։

*

Երէկ, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանէն ներս տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն եւ ճաշկերոյթ՝ ի պատիւ Գալիֆորնիոյ նորանշանակ հիւպատոս Արմէն Պայպուրթեանի։ Ճաշկերոյթին ներկայ էին Թեմի բարեջան առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Պայպուրթեան, Արցախի թեմի առաջնորդ Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան ընդհանուր քարտուղար Վահագն Մելիքեան, Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան, Դամասկոսի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Արմաշ Եպսկ. Նալպանտեան, Թեմական խորհուրդի ատենապետ Ժոզէֆ Կանիմեան, ինչպէս նաեւ բարերարներ ու ազգայիններ։

Բարիգալստեան խօսք արտասանեց Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, որ իր խօսքին մէջ բարձր գնահատեց Պայպուրթեանի նուիրուածութիւնը եւ ծառայութիւնը՝ ի խնդիր հայրենիքի եւ սփիւռք-հայրենիք կապերու խորացման ու սերտացման։ Ապա խօսք արտասանեց Արմէն Պայպուրթեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց այս ընդունելութեան համար, նաեւ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանին, որ իր բոլորանուէր աջակցութիւնը ցուցաբերած է իրեն՝ իր պաշտօնավարման առաջին իսկ օրէն։ Խօսելով այսօրուայ ամերիկահայ երիտասարդութեան մասին՝ Պայպուրթեան ըսաւ. «Մեր երիտասարդութիւնը պէտք է ուղենիշ ունենայ եւ մօտենայ Եկեղեցւոյ։ Եկեղեցւոյ միջոցաւ երիտասարդը ազգի բաղադրիչը եւ անքակտելի մէկ մասը կը դառնայ։ Այսօր մեր դիմաց ծառացած են բազմաթիւ խնդիրներ, որոնցմէ գլխաւորագոյնն են հայապահպանումն ու հայակերտումը։ Արեւմտեան թեմի ձեռնարկած միջոցառռւմները, ծրագիրները, դէպի Հայաստան ուխտագնացութիւնները հայը հայ պահելու կարեւորագոյն գործօններէն մին կը հանդիսանան»։

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նոյնպէս իր սրտի խօսքը արտասանեց։ Սրբազանը ներկայացուց Պոլսոյ հայ համայնքի ընդհանուր դիմապատկերը, խնդիրները եւ ձեռքբերումները։ Ապա խօսք արտասանեց Պարգեւ Սրբազան, որ կարեւորեց հայրենաշինութեան եւ հայրենիքի շուրջ բոլորուելու գաղափարն ու հրամայականը։ Իսկ Վահագն Մելիքեան խօսելով Հայաստանի քաղաքական իրավիճակին մասին՝ մատնանշեց. «Հեշտ ժամանակներու մէջ չէ որ կ՚ապրինք։ Խօսքս կը վերաբերի Հայաստանի մէջ կատարուող վերջին վեց ամիսներուն։ Ես եւ ընտանիքս այնտեղ գտնուելով, համոզուեցանք որ մենք պարտուող ազգ չենք։ Մենք մաքառող ազգ ենք եւ նոյնիսկ օտար ափերու մէջ իսկ արարող, շինող, աշխատասէր ժողովուրդ մըն ենք։ Այսօր հայրենիքն ու սփիւռքը աւելի եւս պէտք է միաւորուին, ձեռք ձեռքի տան՝ Հայաստանը աւելի բարգաւաճ դարձնելու համար»։

Ճաշկերոյթը վերջ գտաւ «Փառք կերակրողին» աղօթքով։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 28, 2018