ՍԾՏՀԿ-Ի ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ՎԵՀԱԺՈՂՈՎԻ ՆԻՍՏ

Երէկ, Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) խորհրդարանական վեհաժողովի 52-րդ լիագումար նստաշրջանը սկսաւ Երեւանի մէջ։ Ներկայիս այս խորհրդարանական վեհաժողովի շրջանային նախագահն է Հայաստան։ Ուստի, ՍԾՏՀԿ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի 52-րդ լիագումար նիստը վարեց Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արա Պապլոյեան, որ ժողովներու սկիզբին հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը։ Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Աշոտ Յովակիմեանն ալ ներկայացուց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի պատգամը։ Խորհրդարանական վեհաժողովի ընդհանուր քարտուղար Ասաֆ Հաճիեւն ալ ունեցաւ ելոյթ մը բացման նիստին ընթացքին։

Քննարկումներուն զուգահեռ նստաշրջանի ընթացքին տեղի ունեցան շարք մը պարգեւատրումներ՝ ձեռամբ Արա Պապլոյեանի։ ՍԾՏՀԿ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի 52-րդ լիագումար նստաշրջանի աշխատանքը այսօր կ՚եզրափակուի Երեւանի մէջ։ Ժողովները տեղի ունեցան «Հրազդան» պանդոկի «Ռուբէն Սեւակ» դահլիճի երդիքին տակ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 28, 2018