ՀԻՄՆԱԿԱՆ ԿԷՏԵՐ

Հայաստանէն, Արցախէն եւ Ատրպէյճանէն լրագրողներու միջեւ փոխանակուած այցելութիւններու արձագանգները կը շարունակուին։ Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի եւ Արցախի լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները 17-21 նոյեմբերին այցելեցին Ատրպէյճան, իսկ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները՝ Հայաստան եւ Արցախ: Ատրպէյճանէն Հայաստան եկած են «Թրենտ» լրատուական գործակալութեան գլխաւոր խմբագիր Էլչին Վալիեւ, 1news.az-ի լրագրող Էլշան Ռուստամով եւ Vestnik Kafkaza in Azerbaijan-ի թղթակից Օրհան Եոլչուեւ: «Ազատութիւն»ը կը փոխանցէ, թէ Էլշան Ռուստամով քանի մը լուսանկար տեղադրած է Facebook-ի իր էջին վրայ։ Շուշիի մէջ ան նկարած է վերանորոգուած մզկիթը, Քելպեճերի մէջ լուսանկարուած է մառախլապատ լեռներուն դիմաց: Երկու լուսանկարներուն վերը ան գրած է՝ «Մեր հայրենիքը»: Երեւանի մէջ ալ լուսանկարուած է «Կապոյտ մզկիթ»ի բակին մէջ: Լուսանկարները տեղադրուած են նաեւ 1news-ի կայքին մէջ, ուր ան կ՚աշխատի: Այցելութեան մասին կարճ, ընդհանուր տեղեկատուութենէն բացի, նաեւ գրուած է, թէ «երկար տարիներէ ի վեր առաջին անգամ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները կրցան իրենց աչքերով տեսնել մեր հայրենի հողերը, գեղեցիկ բնութիւնը, սարերը, անտառներն ու գետերը»:

Միւս ատրպէյճանցի լրագրողները ցարդ ոչինչ հրապարակած են իրենց այցելութեան մասին։

Այցելութեան մեկնարկի նախօրեակին պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած էր, որ պաշտօնատարներու հետ հանդիպումներ պիտի չկայանան: Երկու կողմերու պարագային ալ հանդիպումները եղած են միայն քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու եւ լրագրողներու հետ: Երբ ատրպէյճանցիները եկած են Երեւան, երկրորդ օրը հանդիպում-քննարկում ունեցած են հայաստանցի խումբ մը լրագրողներու հետ, իսկ օրուան աւարտին անոնք միասնաբար ընթրած են։

Այդ հանդիպումներուն մասնակցած է նաեւ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի լրագրող Կարլէն Ասլանեան: «Մօտ մէկ տասնեակ լրագրողներ Հայաստանէն կը մասնակցէին այդ հանդիպման ատրպէյճանցի երեք լրագրողներու հետ: Նախ տեղի ունեցաւ դահլիճային փոքր քննարկում, յետոյ արդէն միասին ընթրեցինք, եւ որքան ալ փորձ եղած էր անկաշկանդ մթնոլորտ ստեղծելու, ըսելու անոնց, որ պիտի չլուսաբանենք, ձեր հետ հարցազրոյցներ պիտի չընենք, այս հանդիպումը պիտի չտեսանկարահանուի, այնուամենայնիւ, որոշակի զսպուածութիւն, կաշկանդուածութիւն իրենց կողմէ կը նկատուէր եւ նաեւ կ՚երեւէր, որ իրենք աւելի շատ եկած են մեր խօսքը լսելու, քան իրենք որեւէ հարցի պատասխանելու:

«Յատկապէս Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան նիւթով իրենք գրեթէ դիրքորոշում չէին յայտներ, կը խուսափէին այս նիւթին շատ անդրադառնալէ: Փոխարէնը շատ հետաքրքրուած էին, օրինակ, Հայաստանի տնտեսութեամբ, պարբերաբար ակնարկներ կ՚ընէին, որ արդեօք մենք մտահոգուած չե՞նք, որ նոր երկաթուղի, ճանապարհներ, կազատարներ կը կառուցուին տարածքաշրջանին մէջ անընդհատ՝ շրջանցելով Հայաստանը, եւ արդեօք կը գիտակցի՞նք մենք, որ ատոր պատճառը պատերազմն է:

«Մենք ալ, մեր հերթին, օրինակ՝ ես, մասնաւորապէս, իրենցմէ կը հետաքրքրուէի Ատրպէյճանի մէջ ժողովրդավարութեան վիճակին մասին, օրինակ, ուղիղ կը հարցնէի՝ ընդդիմութիւնը հեռուստացոյցով կը ցուցադրե՞ն, կամ կը հետաքրքրուէի՝ իրենք ինչպէ՞ս կը մեկնաբանեն այն փաստը, որ ընդդիմադիրներուն թոյլ չի տրուիր Պաքուի կեդրոնը հանրահաւաքներ իրականացնելու եւ անոնք իբրեւ կանոն 7-8 քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ կ՚արտօնուին միայն: Դարձեալ պիտի ըսեմ, որ իրենց դիրքորոշումը Ատրպէյճանի իշխանութեան դիրքորոշումէն շատ չէր տարբերեր: Օրինակ՝ կ՚ըսէին, որ Պաքուի կեդրոնը շատ ծանրաբեռնուած է, եւ այնտեղ իսկապէս հնարաւոր չէ հանրահաւաքներ իրականացնել», պատմեց Կարլէն Ասլանեան:

Արցախի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս այցելութեան մասին յայտարարութիւն հրապարակեց եւ այցելութեան վայրերը թուելու կողքին նշեց, որ կողմերուն հետ համադրուած այս նախաձեռնութիւնը անհրաժեշտ է դիտարկել որպէս փորձ՝ վստահութեան ամրապնդման միջոցառումներու իրականացման՝ խաղաղ գործընթացի յառաջմղման համար բարենպաստ պայմաններ ստեղծելու նպատակով: «Արցախեան կողմը վերջին քսան տարիներուն ընթացքին բազմիցս հանդէս եկած է վստահութեան ամրապնդման քայլերու իրականացման ուղղուած առաջարկներով, ինչպէս՝ լրագրողներու փոխայցերու վերաբերեալ», գրուած է պաշտօնական Ստեփանակերտի հաղորդագրութեան մէջ: Եւրոպայի Անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու առաքելութիւնը ողջունեց հայ եւ ատրպէյճանցի լրագրողներուն փոխադարձ այցելութիւնները: ԵԱՀԿ-ի մէջ ամերիկեան առաքելութիւնը Twitter-ի իր էջին վրայ գրեց. «Նման քայլեր բնակչութիւնը կը նախապատրաստեն խաղաղութեան եւ կը նպաստեն լարուածութեան թուլացմանը»:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 28, 2019