ԱՊՀ-Ի ԱՆՊԱՇՏՕՆ ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎ՝ ՍԵՆ ՓԵԹԵՐՍՊՈՒՐԿԻ ՄԷՋ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Սեն Փեթերսպուրկ, ուր տեղի կ՚ունենայ ԱՊՀ-ի անդամ երկիրներու ղեկավարներու անպաշտօն հանդիպումը։ Անդրադառնալով այս հաւաքին՝ Փաշինեան քանի մը օր առաջ նշած էր, որ մասնակիցներու շարքին է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, որու հետ շփում տեղի կ՚ունենայ։ «Regnum» ռուսական գործակալութեան խմբագիր Սթանիսլաւ Թարասով քանի մը օր առաջ հանդէս եկած էր պնդումներով, ըստ որոնց Փաշինեանի եւ Ալիեւի անմիջական երկխօսութիւնները կ՚ենթադրեն այնպիսի պայմանաւորուածութիւններ, որոնք չեն արձանագրուիր փաստաթուղթերու մէջ կամ միջնորդներու հետ բանակցութիւններու ընթացքին։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 28, 2021