ԱՌԱՋԻՆ ԺԱՄԱԴՐԱՎԱՅՐԸ՝ ՄՈՍԿՈՒԱ

Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին մէջ հանրային կարծիքի ուշադրութիւնը կը շարունակէ կեդրոնացուած մնալ՝ Անգարայի եւ Երեւանի կողմէ նշանակուած յատուկ ներկայացուցիչներու առաջին հանդիպման հեռանկարին վրայ։ Երկու մայրաքաղաքներէն երէկ հասան լուրեր, ըստ որոնց յատուկ ներկայացուցիչներու՝ Սերտար Քըլըչի եւ Ռուբէն Ռուբինեանի առաջին հանդիպումը կը նախատեսուի Մոսկուայի մէջ։ Անգարայի կողմէ համապատասխան յայտարարութիւնը կատարուեցաւ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի կողմէ։ Որոշ ժամանակ անց արձագանգեց Երեւանի ղեկավարութիւնը։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վահան Յունանեան յայտարարեց, որ կը քննարկուի յատուկ ներկայացուցիչներու առաջին հանդիպումը Մոսկուայի մէջ իրականացնելու հաւանականութիւնը։ Ըստ իրեն, անոնց հանդիպման ժամկէտին վերաբերեալ համաձայնութիւն տակաւին չկայ։

Նախարար Չավուշօղլու երէկ 2021 թուականը ամփոփելու համար մէկտեղուեցաւ դիւանագիտական ոլորտի թղթակիցներու հետ։ Այս հանդիպման ընթացքին ան խօսեցաւ նաեւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին շուրջ։ «Մեր տպաւորութեամբ առաջին հանդիպումը Մոսկուայի մէջ տեղի պիտի ունենայ, Հայաստան նման ցանկութիւն մը ունի։ Բացի առաջին հանդիպումէն, մենք կը փափաքինք, որ շփումները տեղի ունենան ուղղակի։ Թէ ինչո՞ւ… Փոխադարձաբար յատուկ ներկայացուցիչներ նշանակած ենք, որպէսզի ուղղակի հանդիպումներ ունենանք», ըսաւ Չավուշօղլու։

Բաց աստի, իր յայտարարութիւններուն մէջ նախարարը նշած է, որ երկկողմանի յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ առնուելիք քայլերուն շուրջ ճանապարհային քարտէս մը պէտք է որդեգրուի՝ ներառեալ կողմերու միջեւ փոխադարձ այցելութիւններն ու ուղղակի շփումները։ Նոյն ամբողջին մէջ ան կրկնեց, որ Իսթանպուլ-Երեւան չարթըրային ուղիղ թռիչքներն ալ մօտ օրէն պիտի սկսին։

Մեւլիւտ Չավուշօղլու դիտել տուաւ, որ այս գործընթացին մէջ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Ատրպէյճանի հետ խորհրդակցութիւնն ու համակարգումը։ Եռակողմանի ձեւաչափին մէջ ալ կրնան քայլեր առնուիլ։ Իր խօսքով՝ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ 2009 թուականին Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած արձանագրութիւնները այլեւս իմաստազրկուած են։ Հետեւաբար, յատուկ ներկայացուցիչներու առաջին հանդիպման ընթացքին կարծիքի փոխանակումներ կ՚ենթադրուին՝ ճանապարհային քարտէսի մը որդեգրման ուղղութեամբ։

Մինչ այդ, երէկ Պաքուէն ալ բարձր մակարդակով արձագանգ մը հասաւ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին շուրջ։ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտնեց, որ իր երկիրը ամբողջութեամբ կ՚աջակցի Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման։ Պայրամովի խօսքով՝ սա կրնայ դրական ազդեցութիւն գործել տարածաշրջանի գործընթացներուն վրայ։ «Ատրպէյճան հետաքրքրուած է բոլոր հարեւաններուն հետ յարաբերութիւններու զարգացումով՝ միջազգային իրաւունքի չափանիշներուն հիման վրայ», ըսաւ ան։

Միւս կողմէ, ռուսական «Regnum» գործակալութեան խմբագիր Սթանիսլաւ Թարասով մեկնաբանութիւնով մը հանդէս եկաւ Անգարա-Երեւան առանցքի վերջին աշխուժութեան շուրջ։ Թարասով, որ կովկասագէտ մըն է, պնդեց, թէ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կրկին բազմաքայլ էնթրիքայի մը կեդրոնին յայտնուած է։ Ըստ իրեն, Փաշինեան կը շտապէ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի հետ հանդիպում մը ունենալու համար։ Փորձագէտը այս պնդումները ըրած է Փաշինեանի վերջին յայտարարութիւններու լոյսին տակ։ Արդարեւ, վարչապետը նշած էր, որ Էրտողանի հետ հանդիպման միտքեր չկան, սակայն, եթէ յատուկ ներկայացուցիչներու բանակցային գործընթացը յաջող ընթանայ եւ պահը հասուննայ, ապա, ի հարկէ, պէտք է հետեւին բարձր մակարդակով հանդիպումները։ Մեկնաբանը ընդգծած է, որ առաջին անգամ Թուրքիան յայտնած է յատուկ ներկայացուցիչներ նշանակելու որոշման մասին, ինչ որ համարած է յատկանշական։

Վերլուծաբանը այս կէտին վրայ յիշեցուցած է Էրտողանի՝ անցեալ սեպտեմբերի յայտարարութիւնը, ըստ որու, Վրաստանի վարչապետ Ղարիպաշվիլի իրեն փոխանցած էր Փաշինեանի կողմէ հանդիպելու առաջարկը։ Էրտողան յայտնած էր, որ եթէ այդպիսի հանդիպում մը տեղի ունենայ, ապա Թուրքիա դիւանագիտական յարաբերութիւններ կը հաստատէ Հայաստանի հետ։ Բայց եւ այնպէս, նախագահը այդպիսի հանդիպում մը հնարաւոր համարած էր՝ պայմանաւ, որ Հայաստան բանայ Զանգեզուրի միջանքը՝ Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ։

Թարասով յիշեցուցած է նաեւ թրքական աղբիւրներու հաղորդումները, ըստ որոնց Էրտողան այնուամենայնիւ որոշած է չգործել Մոսկուան շրջանցելով ու որոշած՝ ջուրի երես հանել Երեւանի գործողութիւնները։ Որոշ ժամանակ անց Հայաստան պաշտօնապէս հաղորդած էր, որ ռուս գործընկերներու հետ քննարկումներու ընթացքին տեղեկացուցած է իր պատրաստակամութիւնը Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար։

Ռուս վերլուծաբանը ուշադրութիւն կեդրոնացուցած է նաեւ յատուկ ներկայացուցիչներուն վրայ։ Ան թրքական կողմէն նշանակուած Սերտար Քըլըչը նկատած է ազդեցիկ դիւանագէտ մը, որ մտերիմ է Էրտողանի ընտանիքին հետ, նաեւ լուրջ կապեր ունի ամերիկահայ սփիւռքի առաջնորդներուն հետ։ Իր համոզմամբ, Անգարա Քըլըչի թեկնածութիւնը համաձայնեցուցած է Ուաշինկթընի վարչակազմին հետ։ Սա վկայութիւն մըն է այն մասին, թէ այս գործընթացին մէջ Թուրքիա կը կատարէ մեծ հաշուարկներ։ Թարասով անդրադարձած է նաեւ Երեւանի նշանակած յատուկ ներկայացուցիչին։ Այսպէս, ան յայտնած է, որ Ռուբէն Ռուբինեան որոշ ժամանակ ապրած է Թուրքիոյ մէջ, ուր թրքական կազմակերպութիւններէ ստացած դրամաշնորհներով զբաղած է կարգ մը ուսումնասիրութիւններով։ Ան արհեստավարժ դիւանագէտ մը չէ ու բանակցութեան փորձ չունի։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 28, 2021