ԿԱՐԵՒՈՐ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ

Կը տեղեկանանք, որ այս օրերուն արդէն օրակարգի վրայ է կարեւոր նախաձեռնութիւն մը՝ լուսանկարչութեան անմոռանալի վարպետ Արա Կիւլէրի յիշատակի անմահացման ուղղութեամբ։ Համապատասխան շարժումին ծնունդ տրուած է Ճենք Միրաթ Փեքճանաթթըի կողմէ։ Ան ստորագրահաւաք մը կազմակերպած է, որպէսզի Արա Կիւլէրի արձանը կանգնեցուի Պէյօղլուի մէջ։ Համապատասխան դիմումը կատարուած է Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլուին։

Որպէս ներշնչանքի աղբիւր նշուած են անցեալ հոկտեմբերին զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն  մօտ եւ ընկերային ցանցերու վրայ տեղ գտած լուրերը, ըստ որոնց լուսանկարիչ Տայէն Արպասի պրոնզեայ արձանը կանգնեցուած է «Սենթրըլ փարք»ի մէջ, Նիւ Եորք։ Այդ լուսանկարիչի ամբողջ հասակով արձանը զետեղուած է այն անկիւնին վրայ, ուր «Սենթրըլ փարք»էն ներս զիրար կը խաչաձեւեն Նիւ Եորքի 60-րդ փողոցն ու 5-րդ պողոտան։ Արձանը այցելուներուն բաց պիտի մնայ մինչեւ 14 օգոստոս 2022 թուականը։ Ըստ Նիւ Եորքի գեղարուեստասէր շրջանակներէն ներս հասունցած ակնկալութեան, Տայէն Արպասի «Սենթրըլ փարք»ի արձանի վայրը կրնայ դառնալ մշտական։

Ճենք Միրաթ Փեքճանաթթը այս երեւոյթը որպէս հիմնաւորում օգտագործած է իր՝ Արա Կիւլէրի վերաբերեալ նախաձեռնութեան համար։ Ան կը յիշեցնէ, որ ինչպէս Նիւ Եորքի պարագային ամերիկացի Տայէն Արպաս, այնպէս ալ Իսթանպուլի պարագային Արա Կիւլէր՝ աննման սեւ-սպիտակ դրուագներով անմահացուցած է քաղաքը։ Ան կարեւոր մշակութային արժէքներու շարքին կը դասուի ու ներկայիս արդէն երեք տարի անցած է՝ իր երկրաւոր կեանքէ հեռանալէն ի վեր։

Հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ մատնանշուած է, որ արուեստի այս կարեւոր գործիչը ապրած է Պէյօղլուի մէջ, ուր իր մշտական պրոնզեայ արձանի տեղադրումը պիտի նշանակէ իրեն նկատմամբ յարգանք՝ գեղարուեստի մէկ այլ ճիւղին՝ քանդակագործութեան միջոցաւ յաւերժացնելու համար զինքը։ Բաց աստի, այդպիսի արձանի մը տեղադրուելիք հաւանական վայրը վստահաբար թեկնածու ըլլայ՝ քաղաքի մշակութագեղարուեստական քարտէսին վրայ բանուկ կէտ մը դառնալու։

Այս բոլորի լոյսին տակ գլխաւոր քաղաքապետին խնդրանք ներկայացուած է, որպէսզի Կալաթասարայի հրապարակին վրայ կանգնեցուի Արա Կիւլէրի արձանը։ Հաղորդագրութեան մէջ կրկնուած է, որ Արա Կիւլէր Իսթանպուլի արժէքը բարձրացուցած է իր լուսանկարչական արհեստին միջոցաւ, շատ արժէքաւոր մշակութային ու գեղարուեստական կերպար մըն է եւ իր պրոնզեայ արձանը պէտք է զետեղուի Պէյօղլուի մէջ, ուր ապրած է կեանքի ողջ տեւողութեան։

Բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին մասնակցիլ այս ստորագրահաւաքին, համացանցի վրայ կրնան հետեւիլ https://chng.it/xzTRtyMPsn յղումին։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 28, 2021