ՇԻՇԼԻԻ ՄԷՋ 1000 ՕՐ

Շիշլիի քաղաքապետ Մուամմէր Քեսքին երէկ երեկոյեան խանդավառ ելոյթով մը հանդէս եկաւ՝ ամփոփելով իր պաշտօնավարութենէն ի վեր անցած 1000 օրուայ ընթացքին ծաւալած գործունէութիւնը։ Ներառական, թափանցիկ ու ծառայութիւններով լեցուն ժամանակաշրջան մը որակուած էր՝ Շիշլիի քաղաքապետի գործի գլուխ գալէն ի վեր անցած 1000 օրը։ Ընտրութիւններէն ի վեր բոլորուած շրջանի ձեռքբերումները բացատրելու համար քաղաքապետարանի նախաձեռնութեամբ երէկ երեկոյեան կազմակերպուած էր յատուկ հաւաքոյթ մը, որ տեղի ունեցաւ «Ճեմիլ Ճանտաշ-Քենթ» մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ։

ՃՀՓ-ական քաղաքապետի այս հաւաքոյթին մասնակցեցան նոյն ընդդիմադիր կուսակցութենէն երեսփոխաններ, այլ գաւառակներու քաղաքապետներ, զանազան շրջաններու կուսակցական մասնաճիւղերու կամ քաղաքապետական խորհուրդներու անդամներ, ինչպէս նաեւ Շիշլիի քաղաքապետութենէն պատասխանատուներ։

Մուամմէր Քեսքին ընդգծեց, որ Շիշլիի պարագային քաղաքաշինութիւնն ու հանրային շահը համատեղուած են, քաղաքապետութեան պիւտճէն թափանցիկ է, քաղաքապետն ու քաղաքապետարանը հասանելի են, այս գաւառակէն ներս զօրակցութեան միջավայր ստեղծուած է, աղէտներու եւ երկրաշարժի դէմ նախապատրաստական աշխատանքներ կը տարուին, Շիշլին դարձած է քաղաքի մշակութային ու գեղարուեստական կեանքի սիրտը, նաեւ քաղաքապետարանը կը խրախուսէ ընկերային շարժումները։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 28, 2021