ԲԱՆԱԿԻ ՕՐՈՒԱՆ ՏՕՆ

Հայաստանի մէջ երէկ նշուեցաւ Բանակի օրը։ Այս առթիւ պետական աւագանին այցելեց «Եռաբլուր» նահատակաց պանթէոնը։ Հայկական զինեալ ուժերու կազմաւորման 27-րդ տարեդարձին առթիւ տեղի ունեցան զանազան տօնական ձեռնարկներ։ Օրուան տեւողութեան նախագահական ապարանքին մէջ ալ տեղի ունեցաւ պարգեւատրման արարողութիւն մը։ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրամանագրերու հիման վրայ՝ այս առթիւ պետական բարձր պարգեւներու արժանացան ծառայութեան ընթացքին խիզախութիւն եւ նուիրում ցուցաբերած խումբ մը զինուորներ եւ ազատամարտիկներ։ Կային նաեւ յետ մահու պարգեւատրուածներ։

Պարգեւատրման արարողութեան ընթացքին Արմէն Սարգսեան ըսաւ. «Այն ինչ, որ այսօր կը զգանք այս մեծ տօնի առիթով, առաջին հերթին հպարտութիւնն է. հպարտութիւն մեր բանակին նկատմամբ, որ մեր անվտանգութիւնը եւ խաղաղութիւնը կը պաշտպանէ։ Մեր բանակի ծնունդը պարզ չէ եղած, բանակի ծնունդը կարելի է նմանցնել Վահագնի ծնունդին։ Հայկական բանակը նոյնպէս ծնաւ երկունքի միջոցաւ, բարդ ու ծանր ժամանակներու մէջ, ծնաւ կրակէն, անհրաժեշտաբար։ Եւ ինչպէս Վահագնը, նոյնպէս ան պայքարեցաւ յանուն ազատութեան, հայրենիքի եւ յաղթանակի։ Մեր բանակը նուիրեալ կամաւորի ու արհեստավարժ զինուորականի, շարքայինի ու հրամանատարի, պետական ու քաղաքական գործիչի, մտաւորականի ու աշխատաւորի, հայաստանցիի, արցախցիի եւ սփիւռքահայու համատեղ ջանքի, ոգիի եւ կամքի արդիւքն է։ Կարճ ժամանակի մէջ ան դարձաւ անմենակազմակերպուածն ու մարտունակը տարածքաշրջանէ ներս եւ մենք ունեցանք բազում մեծ յաղթանակներ եւ առասպելական հերոսներ։ Թոյլ տուէք իմ խորին երախտագիտութիւնը յայտնել Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ բոլոր անոնց, որոնց շնորհիւ ստեղծուեցաւ, կայացաւ ու հզօրացաւ մեր բանակը։ Կը խոնարհիմ յիշատակին առջեւ ան մարդոց, որոնք իրենց կեանքը զոհաբերեցին հայրենիքին, երկրին, մեր ժողովուրդին ու բանակին»։

Երեքշաբթի, Յունուար 29, 2019