ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ԵՒ ԱԼԻԵՒԻ ԱՆՊԱՇՏՕՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ ԿԸ ԴԻՒՐԱՑՆԵՆ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի՝ բանակցութիւններու սեղանի շուրջ վերադառնալը գործնական խնդիր մը կը համարէ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, «Եռաբլուր» նահատակաց պանթէոնին մէջ Զօհրապ Մնացականեան երէկ զրուցեց զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Այս առթիւ ան յայտնեց, որ Հայաստանի տեսակէտէ Արցախի կարգավիճակի եւ անվտանգութեան հարցերը կը մնան ամենագերակայ խնդիրները։ Մնացականեան աւելցուց, որ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ բանակցութիւններն ալ եղած են այս նիւթին շուրջ ու պիտի մնան այդպէս։ «Մենք ունինք մեր գերակայութիւնները եւ չկայ ու չէ եղած որեւէ բան, որ դուք չիմանաք», ըսաւ նախարար Զօհրապ Մնացականեան։

Անդրադառնալով Արցախի վերստին բանակցութիւններու կողմ դառնալու հարցին՝ Մնացականեան յայտնեց, որ սա հետեւողական աշխատանք մըն է։ «Սա նաեւ գործնական կիրառական հարց մըն է։ Եթէ հիմա նման բան մը միանգամայն չըլլար, չի նշանակեր, որ մոռցանք, անցանք։ Սա մեզի համար շատ յստակ գործնական խնդիր մըն է», աւելցուց ան։ Խօսելով հասարակութիւնները խաղաղութեան նախապատրաստելու ուղղեալ միջնորդներու յայտարարութեան շուրջ՝ Մնացականեան շարունակեց.

«Այն ինչ, որ ըսուած է մեր, միւս կողմի եւ համանախագահներու հաղորդագրութիւններուն մէջ, շարունակական, հետեւողական քաղաքականութիւն մըն է։ Մենք միշտ խօսած ենք այն մասին, թէ անհրաժեշտ է խաղաղութեան համար նպաստաւոր միջավայրը, որովհետեւ անհնար է մէկ կողմէ խաղաղութեան համար բանակցիլ, իսկ միւս կողմէ՝ թշնամութեան լարուածութիւնը։ Մենք որեւէ կերպով չենք շեղած այն հարցերէն, որոնց մասին ըսած ենք։ Մեր դիրքորոշման մէջ որեւէ շեղում երբեք չէ եղած, երբ մենք ընդգծած ենք այն սկզբունքները, որոնք կը վերաբերին հակամարտութեան բացառապէս խաղաղ կարգաւորման, խաղաղ բանակցութիւններու՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու շրջանակէն ներս»։

Բաց աստի, Զօհրապ Մնացականեան դրական համարեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի անպաշտօն հանդիպումները։ Իր խօսքով՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման բանակցային ձեւաչափին մէջ փոփոխութիւններ չկան։ «Չեմ ըսեր, որ փոփոխութիւններ են, ուղղակի առիթը օգտագործուած է, որ երկու ղեկավարները նոյն վայրին մէջ գտնուած են միջոցառումի մը ժամանակ։ Անոնց շփումները ողջունելի են, որովհետեւ երկու ղեկավարներու համար առիթ եղած է զիրար ճանչնալու, փոխանակելու տեսլականները, մօտեցումները։ Եւ այդ առումով շատ դրական է», նշեց Մնացականեան եւ աւելցուց, որ երկու ղեկավարներու անպաշտօն հանդիպումները կը դիւրացնեն բանակցութիւններու հնարաւորութիւնը։

Երեքշաբթի, Յունուար 29, 2019