ՄԻԱԿ ՎԱՐԿԱԾԸ՝ ԻՆՔՆԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի Քննչական կոմիտէի նախագահ Հայկ Գրիգորեան երէկ բացատրութիւններ տուաւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան նախկին տնօրէն Կէորկի Կուտոյեանի մահուան վերաբերեալ յառաջ տարուած հարցաքննութեան շուրջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան յայտնեց, որ Կէորկի Կուտոյեան ինքնասպանութիւն կատարած է նեղ անձնական պատճառով մը։ Հայկ Գրիգորեան շեշտեց, որ Կուտոյեանի մահուան հանգամանքները պարզելու համար ձեռնարկուած է շուրջ տասն փորձաքննութեան։ Այս պահու դրութեամբ հարցաքննուած է աւելի քան իննսուն վկայ։ Պահանջուած է իր ունեցած հեռախօսազրոյցներու փորձաքննութիւնը՝ թէ՛ մուտքային եւ թէ ելքային։ Այն մարմինը, որ այս գործի վարոյթը կ՚իրականացնէ, ներկայիս կը քննարկէ միայն ինքնասպանութեան վարկածը։

«Կէորկի Կուտոյեանի կինը Յասմիկ Պիշարեան դիմած է հետաքննութեան վարոյթը իրականացնող մարմնոյն, որպէսզի մենք առանց իրենց համաձայնութեան ինքնասպանութեան պատճառի մասին որեւէ տեղեկութիւն չյայտնենք։ Հաշուի առնելով Յասմիկ Պիշարեանի դիմումը՝ ես կրնամ ըսել, որ ինքնասպանութիւնը կատարուած է նեղ անձնական պատճառով։ Թոյլ տուէք չբացայայտել չակերտներ, որովհետեւ կայ տուժողի իրերայաջորդի դիմումը», ըսաւ Հայկ Գրիգորեան։

Չորեքշաբթի, Յունուար 29, 2020