ՅԱՐԳԱՆՔԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Բանակի օրուան առթիւ, երէկ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան առաւ յատկանշական քայլ մը։ Այսպէս, ան յարգանքի այցելութիւն մը տուաւ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային հերոս, պաշտպանութեան առաջին նախարար, Արցախի հերոս, նահատակեալ վարչապետ հոգելոյս Վազգէն Սարգսեանի ընտանիքի անդամներուն։ Արարատի մարզէն ներս նախագահ Արմէն Սարգսեան ծաղիկներ թողուց Վազգէն Սարգսեանի յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին առջեւ։ Ան ծաղիկներ խոնարհեց նաեւ Վազգէն Սարգսեանի մօր՝ Կրեթա Սարգսեանի շիրմին։

Այնուհետեւ, ընտանեկան ջերմ միջավայրի մը մէջ Արմէն Սարգսեան անմիջական զրոյցներ ունեցաւ Վազգէն Սարգսեանի հօր՝ Զաւէն Սարգսեանի եւ եղբայրներուն՝ Արմէն եւ Արամ Սարգսեաններուն հետ։ Նախագահը Բանակի օրուան առթիւ շնորհաւորեց Սարգսեան ընտանիքի անդամները։ Յիշատակներ պատմուեցան Վազգէն Սարգսեանի մասին ու վերյիշուեցան անոր կեանքին ու գործունէութեան վերաբերեալ բազմաթիւ դրուագներ։

Չորեքշաբթի, Յունուար 29, 2020