ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԸ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՆՈՐ ԾՐԱԳՐԻ ՄԸ ՄԱՍՆԱԿԻՑ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան առընթեր գործող Բարձրագոյն ուսուցման ներուժի զարգացման ծրագրին եւ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանին միջեւ վերջերս ստեղծուեցաւ համաձայնութեան յուշագիր մը։ Լիբանանէն հինգ համալսարաններ ընդգրկուած են այս ծրագրին մէջ եւ այդ երկրի պարագային յատկացուած է 10 միլիոն ամերիկեան տոլար։

Հայկազեան համալսարանի նախագահ վերապատուելի Փոլ Հայտոսթեան եւ ծրագրի ղեկավար Պիլ Փորթըր միասնաբար ստորագրեցին այս յուշագիրը։ Այս փաստաթուղթը կը յստակեցնէ Հայկազեան համալսարանի դերակատարութիւնն ու պատասխանատուութիւնը այս ամբողջին մէջ։ Նախատեսուած աշխատանքը ունի քանի մը ուղղութիւն. օրինակ՝ համատեղ դիտարկում, արժեւորում եւ ընթերցումներ, որոնց վրայ կու գան աւելնալ մեթոտներու վերաբերեալ աշխատանքներ եւ ծրագրի առընչութեամբ այլ ձեռնարկներ։

Չորեքշաբթի, Յունուար 29, 2020