«ՍՐԲԱԳՈՅՆ ՏԱՐԱԾՔ»

Ե­րե­ւա­նի «Կո­մի­տաս» թան­գա­րա­նին մօտ շա­բա­թա­վեր­ջին ապ­րուե­ցաւ յատ­կան­շա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն մը։ Այս­պէս, թան­գա­րան այ­ցե­լե­ցին հայ ար­դի ա­րուես­տի եր­կու հսկա­ներ, ո­րոնք կա­տա­րե­ցին շրջայց մը եւ ստո­րագ­րե­ցին պա­տուոյ հիւ­րե­րու տո­մա­րը։ Այդ հիւ­րերն էին՝ յօ­րի­նող Տիգ­րան Ման­սու­րեան եւ շար­ժանկա­րիչ բե­մար­դիչ Ար­տա­ւազդ Փե­լե­շեան, ո­րոնք միեւ­նոյն ժա­մա­նակ թան­գա­րա­նի յա­րա­կից հա­մա­նուն պան­թէո­նէն ներս ի­րենց յար­գան­քի տուր­քը մա­տու­ցին հա­յոց մե­ծե­րուն նկատ­մամբ։

Եր­կու հռչա­կա­ւոր ա­րուես­տա­գէտ­նե­րը թան­գա­րա­նէն ներս շրջայց մը կա­տա­րե­ցին ու­ղեկ­ցու­թեամբ տնօ­րէն Նի­քո­լայ Կոստան­դեա­նի։

«Ինչ­պէս Նո­յեան տա­պանն է մեր մաք­րա­մա­քուր կեդ­րո­նը՝ ա­ւե­տա­րա­նա­կան ժա­մա­նակ­նե­րէն, այն­պէս ալ «Կո­մի­տաս» այ­գիի պան­թէոնն է սրբա­գոյն տա­րածք. գու­ցէ եւ հա­մա­զօր Ա­րա­րա­տի գա­գա­թի այդ տա­րած­քին», Ար­տա­ւազդ Փե­լե­շեան եւ Տիգ­րան Ման­սու­րեան ը­սին «Ար­մէնփ­րէս»ի թղթա­կի­ցին հետ զրու­ցե­լու ըն­թաց­քին։

Երկուշաբթի, Փետրուար 29, 2016