ԵՐԿՈՒ ՆՈՐ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐ

Մինչ ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ լայ­նա­ծա­ւալ պայ­քա­րը կը շա­րու­նա­կուի, Թուր­քիա ե­րէկ դար­ձեալ խոր յու­զում ապ­րե­ցաւ եր­կու նոր նա­հա­տա­կի վե­րա­բե­րեալ լու­րե­րով։ Մար­տի­նի մէջ ա­հա­բե­կիչ­նե­րը յար­ձա­կե­ցան ոս­տի­կա­նա­կան զրա­հա­պատ ինք­նա­շար­ժի մը վրայ։ Այս դէպ­քին հե­տե­ւան­քով նա­հա­տա­կուե­ցաւ ոս­տի­կան մը, եր­կու ոս­տի­կան ալ վի­րա­ւո­րուե­ցաւ։

Բաց աս­տի, Ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գա­հու­թեան աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ զի­նուոր մըն ալ նա­հա­տա­կուած է Սու­րի մէջ, Տիար­պա­քըր։ Ա­հա­բե­կիչ­նե­րու կող­մէ կա­տա­րուած յար­ձակ­ման մը հե­տե­ւան­քով ծանր վի­րա­ւո­րուած զի­նուո­րին կեան­քը փրկել կա­րե­լի չէ ե­ղած՝ հա­կա­ռակ բժշկա­կան բո­լոր մի­ջամ­տու­թիւն­նե­րուն։

Երկուշաբթի, Փետրուար 29, 2016