ՀՐԱԴԱԴԱՐԻ ՄԵԿՆԱՐԿԸ

Շա­բա­թա­վեր­ջին Սու­րիոյ մէջ հաս­տա­տուած հրա­դա­դա­րը ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն զբա­ղե­ցուց մի­ջազ­գա­յին օ­րա­կար­գը։ Կը հա­ղոր­դուի, որ հրա­դա­դա­րը կը յար­գուի ընդ­հա­նուր առ­մամբ։ Ամերիկայի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու եւ Ռու­սաս­տա­նի մի­ջեւ գո­յա­ցած հա­մա­ձայ­նու­թեամբ հաս­տա­տուած հրա­դա­դա­րի մթնո­լոր­տին մէջ թէեւ ո­րոշ բա­խում­ներ կը պա­տա­հին, սա­կայն, ըստ էու­թեան, դադ­րած են բա­խում­նե­րը կա­ռա­վա­րա­կան զօր­քե­րուն եւ չա­փա­ւոր ընդ­դի­մու­թեան խմբա­ւո­րում­նե­րուն մի­ջեւ։

Մինչ այդ, Ամերիկայի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու եւ Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րը՝ Ճոն Քե­րի եւ Սէր­կէյ Լաւ­րով ու­նե­ցան հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը, ո­րու ըն­թաց­քին գո­հու­նա­կու­թիւն յայտ­նե­ցին հրա­դա­դա­րի այժ­մու ըն­թաց­քին շուրջ։

Մեկ­նա­բան­նե­րու կան­խա­տե­սում­նե­րով, ե­թէ այս երկ­շա­բա­թեայ հրա­դա­դա­րը պսա­կուի յա­ջո­ղու­թեամբ, ա­պա յու­սադ­րիչ հիմք մը կրնայ ստեղ­ծուիլ ա­պա­գայ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն հա­մար՝ Սու­րիոյ ներ­քին պա­տե­րազ­մին վերջ տա­լու ճա­նա­պար­հի­ն։

Երկուշաբթի, Փետրուար 29, 2016