Այնճար Հայկական ԳիւղԻ ՄԱՍԻՆ ԾՐԱԳԻՐ

Բրի­տա­նա­կան «Ին­տի­փեն­տընթ» օ­րա­թեր­թը կը հա­ղոր­դէ, որ 8-րդ դա­րուն ա­րա­բա­կան Օ­մա­յատ­նե­րու կայս­րու­թիւ­նը (661-750) աշ­խար­հի մե­ծա­գոյն կայս­րու­թիւնն էր եւ ստեղ­ծած էր ա­րուես­տի, գրա­կա­նու­թեան, ճար­տա­րա­պե­տու­թեան եւ գի­տու­թեան հա­րուստ ժա­ռան­գու­թիւն մը։ Ա­րա­բա­կան այդ կայս­րու­թեան սահ­ման­նե­րը կ՚եր­կա­րէին Պարս­կաս­տա­նէն մին­չեւ Սպա­նիա եւ Մա­րոք, իսկ հիւ­սի­սա­յին սահ­ման­նե­րը կը հաս­նէին մին­չեւ Հա­յաս­տան եւ Վրաս­տան։ Սա­կայն նոյն­սիկ ա­նոր բնօր­րա­նին մէջ, Օ­մա­յատ­նե­րու պատ­մու­թիւ­նը մո­ռա­ցու­թեան մատ­նուած է։ Այժմ Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան կող­մէ գան­ձատ­րուող ծրա­գիր մը կը նպա­տա­կադ­րէ Մի­ջեր­կա­րա­կան ծո­վը ե­զե­րող ցա­մա­քա­մա­սե­րը ի­րա­րու կա­պող զբօ­սաշր­ջու­թեան ճա­նա­պար­հի մը ճամ­բով լու­սար­ձակ­նե­րը կեդ­րո­նաց­նել Օ­մա­յատ­նե­րու պատ­մու­թեան վրայ։ Լի­բա­նա­նը, Յոր­դա­նա­նը, Ե­գիպ­տո­սը, Թու­նու­զը, Ի­տա­լիան, Սպա­նիան եւ Փոր­թու­գա­լը ի­րա­րու կա­պող ծրա­գի­րը պի­տի ար­ժէ 4 մի­լիոն եւ­րօ։

Ճա­նա­պար­հին վրայ գտնուող վայ­րե­րը ան­ծա­նօթ են, կը գրէ «Ին­տի­փեն­տընթ»ի լրագ­րո­ղը եւ կ՚ը­սէ. «Սու­րիոյ սահ­մա­նա­կից լի­բա­նա­նեան փոքր քա­ղաք մը, որ ծա­նօթ է իր հայ բնակ­չու­թեամբ, Թու­նու­զի կեդ­րո­նը գտնուող իս­լա­մա­կան ուս­ման նախ­կին կեդ­րոն մը, մզկի­թի մը մէջ կա­ռու­ցուած իր տա­ճա­ռով յայտ­նի սպա­նա­կան քա­ղաք մը, Ի­տա­լիոյ հա­րա­ւա­յին ծայ­րա­մա­սին մէջ գտնուող կա­թո­ղի­կէ կղզի մը։ Սա­կայն միաս­նա­բար ա­նոնք կը ստեղ­ծեն ա­րա­բա­կան նո­րա­րա­րու­թեան մե­ծա­գոյն ժա­մա­նակշր­ջան­նե­րէն մէ­կուն պատ­կե­րը»։­

Այն­ճա­րի մէջ զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րը կրնան վա­յե­լել լա­ւա­պէս պահ­պա­նուած Օ­մա­յատ­նե­րու օ­րով հիմ­նուած քա­ղա­քի մը հնու­թիւն­ներն ու փլա­տակ­նե­րը։ Կը ծրագ­րուի նաեւ Այն­ճա­րի մէջ Օ­մա­յատ­նե­րու թան­գա­րան մը բա­նա­լ։

Երեքշաբթի, Մարտ 29, 2016