Հայաստանի մէջ Մրցոյթ-համերգներ

«Հա­յաս­տան» հա­մա­հայ­կա­կան հիմ­նադ­րա­մը Կո­մի­տա­սի ու­սում­նա­րան-թան­գա­րա­նին մէջ ի­րա­կա­նա­ցուց Դա­սա­կան ե­րաժշ­տու­թեան բնա­գա­ւա­ռի «Եր­գե­ցո­ղու­թիւն» եւ «Գոր­ծի­քա­յին կա­տա­րում» ա­նուա­նա­կար­գե­րու մէջ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի 2016 թուա­կա­նի ե­րի­տա­սար­դա­կան մրցա­նակ­նե­րու ընտ­րա­կան եւ եզ­րա­փա­կիչ փու­լե­րու մրցոյթ-հա­մերգ­նե­րը: Մրցա­նա­կի հա­մար դի­մած ե­րե­սուն ե­րի­տա­սարդ­նե­րէն եզ­րա­փա­կիչ փուլ ան­ցաւ չորս ե­րա­ժիշտ եւ տաս­ներ­կու վո­քա­լիստ: Ա­նոնց­մէ լա­ւա­գոյն­նե­րը դա­տա­կազ­մին կող­մէն պի­տի ներ­կա­յա­ցուին Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հին, ո­րուն հաս­տա­տու­մէն ետք միայն, պի­տի ընտ­րուին մրցա­նա­կա­կիր­նե­րը:

«Եր­գե­ցո­ղու­թիւն» եւ «Գոր­ծի­քա­յին կա­տա­րում» ա­նուա­նա­կար­գե­րուն հա­մար կը նա­խա­տե­սուի եր­կու­քա­կան մրցա­նակ՝ դափ­նե­կիր վկա­յա­գիր, կրծքան­շան եւ դրա­մա­կան պար­գեւ, որ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը յաղ­թող­նե­րուն պի­տի յանձ­նէ Մա­յիսի 26-ին՝ մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թեան օ­րը:

«Եր­գե­ցո­ղու­թիւն» ա­նուա­նա­կար­գով մրցա­նա­կի յա­ւակ­նորդ­ներն են՝ Գոռ Սալ­նա­զա­րեան, Գա­գիկ Վար­դա­նեան, Գօշ Սարգ­սեան, Յով­հան­նէս Անդ­րէա­սեան, Սար­գիս Բաժ­բէուկ-Մե­լի­քեան, Ի­րի­նա Կու­լամ­բա­րեան, Տա­թե­ւիկ Եւ­րիեան, Գա­լի­նա Ցո­լա­կեան, Մա­րիան­նա Մար­տի­րո­սեան, Ճու­լիե­թա Ա­լեք­սա­նեան, Նա­րեկ Քո­չի­նեան եւ Նու­նէ Գրի­գո­րեան: «Գոր­ծի­քա­յին կա­տա­րում» ա­նուա­նա­կար­գով՝ Դա­ւիթ Բախ­շիեան, Ա­զատ Յա­րու­թիւ­նեան, Ռո­ման Նա­մա­լեան, Ար­սէն Զա­քա­րեան:

Չորեքշաբթի, Մարտ 29, 2017