ԱՆԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԻՆ

Քարնեկի հիմնարկի աւագ փորձագէտներէն Թոմաս տը Վաալի կարծիքով՝ 2023 թուականը ծանր պիտի ըլլայ Հայաստանին համար։ Բրիտանացի յայտնի փորձագէտը, որ Հարաւային Կովկասի խնդիրներով կը զբաղի, վերջերս «Հայաստանի անապահովութեան տարին» վերնագրեալ յօդուած մը ստորագրած է եւ այդ մէկը հրապարակուած՝ յիշեալ հիմնարկի կայքէջին վրայ։

Ըստ յօդուածին, հայերը երբեք ինքզինքնին այսքան խոցելի չէին զգացած, որքան 2020 թուականի պատերազմին Ատրպէյճանէն կրած պարտութենէն յետոյ։ Ան այս հանգամանքը կը մատնանշէ իրավիճակի մը մէջ, երբ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ կը շարունակէ անողոք ճնշում բանեցնել։ Որպէս ապացոյց՝ Տը Վաալ մատնանշած է նախորդ տարուան ամրան Միջազգային հանրապետական կաճառին (IRI) կողմէ Հայաստանէ ներս կատարուած հարցախոյզի արդիւնքները։ «Հայաստանցիներու 54 տոկոսը ըսած է, որ գլխաւոր մտահոգութիւնը երկրի անվտանգութիւնն է, այլ ո՛չ թէ ներքին կամ տնտեսական խնդիրները», դիտել կու տայ փորձագէտը։

Ներկայ տարուան տեւողութեան, ըստ Տը Վաալի, իրադարձութիւնները կրնան զարգանալ շարք մը բեմագրութիւններով՝ ամենամռայլ տարբերակներէ սկսեալ, մինչեւ ամենալաւատեսականները։ Մռայլներու շարքին են Ատրպէյճանի հետ նոր բախումները, Ռուսաստանի ճնշումը, նաեւ ներքին անկայունութիւնը։ Աւելի լաւատես բեմագրութիւնները կրնան ներառել Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը, Ատրպէյճանի հետ շրջանակային համաձայնագրի կնքումը եւ Եւրոմիութիւն-Հայաստան յարաբերութիւններու ամրապնդումը։

Վերլուծաբանի դիտարկումով՝ այս ամբողջ խառնաշփոթի կիզակէտին կը գտնուի Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։ 2018 թուականի յեղափոխութեամբ ծնած ոգեւորութեան ալիքին վրայ իշխանութեան գլուխ գալով՝ ան անարդիւնաւէտ էր 2020-ին՝ որպէս պատերազմող երկրի առաջնորդ, խոստացուած բարեփոխումներն ալ՝ յատկապէս դատաիրաւական համակարգին եւ լրատուամիջոցներու սեփականութեան հարցին մէջ ուշացած են, այդուհանդերձ կարողացաւ վերընտրուիլ 2021 թուականի ընտրութիւններուն ժամանակ։ Յօդուածագրին համոզմամբ, պատճառը այն է, որ ընդդիմութեան թեկնածուները հայ ընտրողին համար նոյնիսկ աւելի անընդունելի էին։ Տը Վաալի պնդումով՝ արտաքին քաղաքական ասպարէզին մէջ, սակայն, Փաշինեան յեղափոխական է։ Այս տեսակէտը հիմնաւորելու համար ան յիշատակած է մասնաւորապէս Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման փորձերը, ինչպէս նաեւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութենէն (ՀԱՊԿ) Երեւանի դժգոհութիւնները բարձրաձայնելը։ Փաշինեան բացայայտ կը յայտարարէ Ռուսաստանէն Հայաստանի ռազմական եւ տնտեսական կախուածութեան վերաբերեալ մտահոգութիւնները։ Հակառակ Մոսկուայէն հնչած աղմկալի դժգոհութիւններուն եւ Սպիտակ Ռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի սպառնալից յայտարարութիւններուն՝ Փաշինեան նաեւ բացայայտօրէն կասկածի մէջ կը դնէ օգտակարութիւնը ՀԱՊԿ-ի, որ Ռուսաստանի կողմէ կը ղեկավարուի։ Փորձագէտը կը յիշեցնէ, որ Մոսկուայի դժգոհութեան առիթներէն մին է ԵՄ-ի դիտորդական առաքելութեան տեղակայումը Հայաստանի տարածքին մէջ։

Անդրադառնալով Լաչինի միջանցքի փակման՝ Թոմաս տը Վաալ չի բացառեր, որ Արդարադատութեան միջազգային ատեանի նախորդ շաբթուան վճիռէն յետոյ միջանցքը կրնայ բացուիլ։ «Չի բացառուիր, ճգնաժամի յաղթահարման ուղղեալ գործարքի կնքումը սառերու ետեւը չէ», կ՚ենթադրէ բրիտանացի վերլուծաբանը։

Յօդուածի զգալի մասը կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղի արդէն նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի վերաբերեալ իրադարձութիւններուն։ Լայն կապերով օժտուած ռուսահայ գործարար Վարդանեանի պաշտօնէ հեռացման հարցին մէջ, ըստ Տը Վաալի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները կարողացած էին ընդհանուր լեզու մը գտնել։ Աւելի կլոպալ խնդիրներու պարագային, սակայն, Հայաստան-Ատրպէյճան պայմանաւորուածութիւնները այս պահուն քիչ հաւանական են։ Յամենայնդէպս, որոշ հեռանկարներ կրնան ծագիլ՝ յատկապէս Եւրոմիութեան կողմէ հովանաւորուած բանակցային գործընթացի շրջանակներէն ներս։ ԵՄ-ի խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի առաջնորդութեամբ ընթացք առած բանակցութիւններով սպասուածէն աւելի մեծ յառաջընթաց մը արձանագրուած է։ Ի տարբերութիւն Մոսկուայի՝ Եւրոմիութիւնը կ՚ընկալուի անկողմնակալ միջնորդ մը, բաց աստի, զուրկ է Ուաշինկթընի կրած բեռէն։ Այս բոլորով հանդերձ, վերլուծաբանը կ՚ընդգծէ, որ տեսանելի ապագային խաղաղութեան պայմանագրի կնքման հեռանկարը քիչ հաւանական է։

Փոխարէնը, ըստ Տը Վաալի, գոյութիւն ունի Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման որոշ հեռանկար մը։ Ըստ իրեն, հայ-թրքական երկխօսութեան զարգացման նպաստեցին վերջին ողբերգական իրադարձութիւնները՝ փետրուարի 6-ի երկրաշարժը եւ անոր հետեւած զարգացումները։ «Մարտի 25-ին, երբ Թուրքիոյ ֆութպոլի ազգային հաւաքականը պիտի մեկնի Երեւան՝ մասնակցելու Եւրոպայի առաջնութեան որակաւորման փուլի հանդիպման, ֆութպոլային դիւանագիտութիւնը կրկնելու հնարաւորութիւն պիտի ստեղծուի. այն դիւանագիտութիւնը, որմէ սկիզբ առին 2008 թուականին կարգաւորման բանակցութիւնները», նշած է հեղինակը։

Ի շարունակութիւն վերլուծաբանը շեշտած է, որ Հայաստանի մէջ այս պահուն ամէն ինչ անվտանգութեան մասին է։ Փաշինեանի գործողութիւնները կրնան լուրջ քաղաքական հակազդեցութեան պատճառ դառնալ, նոյնիսկ հաւանական քաղաքական բռնութեան տեղի տալ։ Թէ՛ Ռուսաստանի եւ թէ հայկական սփիւռքի որոշ հատուածներուն մէջ շատեր պիտի փափաքէին, որ ան ձախողէր։ Յամենայնդէպս, Հայաստանի շուրջ զարգացումները յառաջիկային, ըստ էութեան, կախեալ պիտի ըլլան արտաքին խաղացողներէ։ «Եւրոմիութիւնը եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները կրնան օգնել Հայաստանին՝ աջակցելով անոր ինքնիշխանութեան ու տնտեսութեան, նաեւ երաշխաւորելով խաղաղ գործընթացի արդար շարունակումը։ Բայց եւ այնպէս, իրադարձութիւնները Հայաստանէն կախեալ պիտի չըլլան, այլ՝ այն որոշումներէն, որոնք պիտի առնուին Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ կողմէ՝ թերեւս բոլորէն առաջ ալ Ատրպէյճանի», համոզուած է Տը Վաալ։

Հուսկ, վերլուծաբանը նշած է, որ եթէ Ատրպէյճան առճակատման լեզուն փոխարինէ համագործակցութեան կոչերով, ապա սա պիտի նպաստէ թուլացնելու Հայաստանի առկայ անապահովութեան զգացումը եւ երկրի գերկախուածութիւնը Ռուսաստանէն։ «Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւի՝ պատմութեան էջը շրջելու դժկամութիւնը, սակայն, աւելի շատ անցեալի, այլ ոչ թէ ներկայի հետ կապ ունի։ Իր իսկ որոշումներն են, որոնք յառաջիկայ քանի մը ամիսներուն խիստ կարեւոր պիտի ըլլան», եզրափակած է Տը Վաալ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 29, 2023